ՓԱ­ՇԻ­ՆԵԱՆ ՏԵ­ՍԱԿ­ՑԵ­ՑԱՒ Ա­ՐԱ­ԲԱ­ԿԱՆ ԵՐ­ԿԻՐ­ՆԵ­ՐՈՒ Ե­ՐԵ­ՒԱ­ՆԻ ԴԵՍ­ՊԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց՝ Երեւանի մօտ հաւատարամագրուած արաբական պետութիւններու դեսպանները: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին վարչապետը կարեւորեց արաբական պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու համագործակցութեան խորացումը: Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու միջեւ ձեւաւորուած են պատմական եւ մշակութային ամուր կապեր: 

Փաշինեան մասնաւորապէս շեշտեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է քաղաքական, դիւանագիտական եւ տնտեսական կապերու խորացման ուղղութեամբ նոր նախաձեռնութիւններով: Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղեալ ջանքերուն: Այս ամբողջին մէջ զրուցակիցները շեշտեցին անցեալ տարի, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովի հիման վրայ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան կա-րեւորութիւնը: 

Դեսպանները շնորհակալութիւն յայտնեցին նման ձեւաչափով մը հանդիպման համար: Անոնք նշեցին, որ այս շփումը կը նպաստէ արդիւնաւէտ երկխօսութեան ու փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերու քննարկման: 

Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման միտուած քայլերուն՝ ներառեալ TRIPP նախագիծը կեանքի կոչելու միտուած աշխատանքները:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այս տարի հոկտեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած՝ Կենսաբազմազանութեան մասին ՄԱԿ-ի պայմանագրի կողմերու 17-րդ համաժողովին (COP17): Վարչապետը կարեւորեց արաբական պետութիւններու պատուիրակութիւններու աշխոյժ մասնակցութիւնը այս ձեռնարկին: 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026