ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Սպիտակ տան մէջ, Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան առանցքին վրայ կազմակերպուած խաղաղութեան գագաթաժողո-վի առաջին տարեդարձին առթիւ, այս օրերուն կը հրապարակուին զանազան պատգամներ եւ ի շարունակութիւն՝ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ կարեւոր եռակողմ հանդիպում մը: Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց փախնախարար Վահան Կոստանեան, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Էլնուր Մամատով եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեակալ Էլիսըն Հուքըր մէկտեղուեցան Ուաշինկթընի մէջ: Խաղաղութեան գա-գաթաժողովի առաջին տարեդարձին կապակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս երեք բարձրաստիճան դիւանագէտներուն հանդիպումը: Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ, տարի մը առաջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւն-ները, արդէն այս փուլին հերթական անգամ միջազգային օրակարգի կիզակէտին յայտնուած են:
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Ուաշինկթընի հանդիպման ընթացքին Վահան Կոստանեան բարձր գնահատեց ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի անձնական ներդրումը՝ ինչպէս նախորդ տարի տեղի ունեցած գագաթաժողովի կազմակերպման, այնպէս ալ ընթացիկ տարուայ տեւողութեան Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատութենականաց-ման համատեսքին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին՝ արդէն իսկ արձանագրուած զարգացումներուն, տարածաշրջանէ ներս ենթակառուցուածքային ծրագրերու եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցառումներու շուրջ: Կողմերը ընդգծեցին առկայ մարդասիրական խնդիրները հասցէագրելու կարեւորութիւնը:
Ուաշինկթընի մէջ այս եռակողմանի հանդիպման նոյն օրը, Վահան Կոստանեան տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի Առեւտուրի պալատի միջազգային գործընկերներու հետ յարաբերութիւններու գծով աւագ փոխ-նախագահին հետ: Յիշեալ պալատի՝ միջազգային գործընկերներու հետ յարաբերութիւններու եւ Մերձաւոր Արեւելքի, Թուրքիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով աւագ փոխ-նախագահ Քուշ Չոքսիի հետ Վահան Կոստանեան քննարկեց առեւտրատնտեսական, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ տեղեկատուական թեքնոբանութիւններու ոլորտներէն ներս յարաբերութիւններու հաստատութենականացման հեռանկարները: Զզրուցակիները կարեւորեցին Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու մէջ վերջին տարիներուն արձանագրուած յաջողութիւններն ու բարձր մակարդակի վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները գործնականօրէն կեանքի կոչելը:
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի կեցութեան ընթացքին, Վահան Կոստանեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ԱՄՆ-ի ուղեղային կեդրոններու ներկայացուցիչներուն հետ: Այսպէս, ամերիկեան յառաջատար վերլուծական կեդրոններու ներ-կայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին ան ներկայացուց Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական առաջնահերթութիւնները: Փոխ-նախարարը մասնաւորապէս անդրադարձաւ Հայաստան-ԱՄՆ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներու վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումներուն: Մասնակիցներուն ներկայացուեցան նաեւ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղեալ ձեռնարկուած ջանքերը՝ մասնաւորապէս 8 օգոստոս 2025 թուականին, Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս ձեռքբերուած երկկողմանի եւ եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը: Այս ամբողջին մէջ շօշափուեցան տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ ձեռնարկուած աշխատանքները:
Վահան Կոստանեանի ներածական խօսքէն վերջ, հանդիպումը շարունակուեցաւ հարցում-պատասխանի ձեւաչափով: Այս փուլին մասնագէտները հետաքրքրուեցան հարցումներու լայն շրջանակով մը: