ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Յունաստանի խորհրդարանը երէկ ընտրեց երկրի նոր նախագահը, որ պաշտօնը պիտի ստանձնէ յաջորդ ամիս։ Այսպէս, խորհրդարանի նախագահ Քոնստանդինոս Թասուլաս ընտրուեցաւ երկրի նոր նախագահը։ Ան պիտի յաջորդէ այժմու նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլուին, որու պաշտօնավարման ժամկէտը պիտի լրանայ յաջորդ ամիս։

Քուէներու մեծամասնութեամբ նախագահ ընտրուած Թասուլաս կը ներկայացնէ պահպանողական աջը, որ կը գտնուի իշխանութեան գլուխ։ Կը նախատեսուի, որ ան աւանդական քաղաքականութիւնը շարունակէ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու եւ Կիպրոսի հիմնախնդրի պարագային։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025