ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՒ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի հետ իր ունեցած վերջին հանդիպումը կը գնահատէ շատ կարեւոր ու արդիւնաւէտ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետը երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, կառավարութիւն-խորհրդարան հարցում-պատասխանին ժամանակ որոշ մանրամասնութիւններ տեղեկացուց այդ տեսակցութեան շուրջ։ Փաշինեան ընդգծեց, որ հանդիպումը տեւած է բաւական երկար։

Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ ընդունեց օրէնք մը, որով կը նախատեսուի Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացին սկիզբը դնել։ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ ԵՄ-ի անդամակցութեան ճանապարհին Հայաստանի ամենամեծ մարտահրաւէրն է չափանիշներու համապատասխանեցումը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2025