ԿԱԶԶԷՆ ԱՄԱՅԻ ՏԱՐԱԾՔ ՉԷ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն համոզուած է, թէ Կազզէն դատարկ տարածք մը չէ։ Իր խօսքով՝ պէտք է յարգել Կազզէի բնակիչներուն՝ սեփական հողի վրայ ապրելու ձգտումը։
CNN-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Մաքրոն դէմ արտայայտուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնութեան, որով կը նախատեսուի Կազզէի հատուածը երկարաժամկէտ սեփականացնել։ Ան դիտել տուաւ, որ Կազզէի հատուածին համար քաղաքական լուծում մը պէտք է գտնել։ Ֆրանսացի ղեկավարը աւելցուց. «Մենք ունինք հրադադար։ Մենք պէտք է զայն պահպանենք ու վերականգնենք մարդասիրական գործողութիւնները։ Պէտք է փրկենք հնարաւորինս մեծ թիւով մարդ։ Բայց հիմա ճիշդ պատասխանը անշարժ գոյքի գործողութիւնը չէ։ Սա քաղաքական գործողութիւն է։ Սա ամայի տարածք մը չէ, սա վայր մըն է, ուր երկու միլիոն մարդ կը բնակի ու կը փափաքի բնակիլ։ Անկարելի է երկու միլիոն մարդուն ըսել հիմա պէտք է հեռանան»։