ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած այս շփումը առիթ հանդիսացաւ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ ամենաբարձր մակարդակի քննարկման։ Քանի մը տարիէ ի վեր խզուած այդ շփումներու վերակենդանացումը յաջորդեց Թրամփի Սպիտակ տուն վերադարձին։ Կը հաղորդուի, որ հեռախօսազրոյցը տեւած է մէկուկէս ժամ։
Այս զրոյցէն վերջ Տանըլտ Թրամփ տեղեկացուց. «Մենք քննարկեցինք Ուքրայնային, Մերձաւոր Արեւելքին, ուժանիւթի ոլորտին, արհեստական բանականութեան, տոլարի հզօրութեան վերաբերեալ հարցեր եւ այլ նիւթեր։ Մենք անդրադարձանք մեր ժողովուրդներու մեծ պատմութեան եւ այն փաստին, թէ միասին այնքան յաջող կռուեցանք Երկրորդ աշխարհամարտին՝ յիշելով, որ Ռուսաստան տասնեակ միլիոնաւոր մարդիկ կորսնցուց ու մենք նոյնպէս շատ մարդ կորսնցուցինք։ Մենք խօսեցանք մեր ազգերու ուժեղ կողմերու եւ այն մեծ օգուտի մասին, որ օր մը կ՚ունենանք միասին աշխատելով»։
Թրամփ շեշտեց, որ Փութին եւ ինք փափաք յայտնած են դադրեցնել միլիոնաւոր կեանքեր խլած Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը։ Փութին նոյնիսկ օգտագործած է Թրամփի քարոզարշաւի ուժեղ կարգախօսը. «Ողջախոհութիւն»։ Թրամփ շեշտեց, որ թէ՛ ինք եւ թէ Փութին շատ ամուր կը հաւատան ողջախոհութեան ու պայմանաւորուած են միասին աշխատիլ շատ սերտօրէն՝ ներառեալ փոխադարձ այցելութիւնները։ Անոնք համաձայնած են նաեւ, որպէսզի իրենց համապատասխան խումբերը անյապաղ սկսին բանակցութիւններու։
Փութինի հետ շփուելէ վերջ Տանըլտ Թրամփ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։ Քիեւէն տեղեկացուեցաւ, որ Թրամփ Փութինի հետ զրոյցի մանրամասնութիւնները հաղորդած է Զելենսքիին։
Աւելի ուշ, Օվալաձեւ աշխատասենեակին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Փութինի հետ կրնայ տեսակցիլ Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Իր խօսքով՝ հաւանաբար ապագային երկու նախագահները կը փոխադարձեն այցելութիւններ։
Երէկուան հեռախօսազրոյցներու լոյսին տակ ԱՄՆ եւ Ռուսաստան լուրջ ազդանշաններ կու տան, թէ փոխադարձ ըմբռնման կը հասնին Ուքրայնայի պատերազմին շուրջ։ Աւելի՛ն, Թրամփ յայտնած է, որ գործնական չի համարեր Ուքրայնայի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին. հարց մը, որ Ռուսաստանի կարմիր գիծերու շրջանակին մաս կը կազմէ։ Նախագահի այս յայտարարութեան զուգահեռ՝ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը դաշինքի երկիրներուն ալ յստակ պատգամներ կը փոխանցէ, թէ Ուքրայնայի քաղաքականութեան մէջ շրջադարձային փոփոխութիւններ կը նախատեսուին։
Թրամփ-Փութին հեռախօսազրոյցէն առաջ, Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնած էր, որ Ռուսաստան երբեք չէ քննարկած ու չի քննարկեր իր տարածքներու փոխանակման նիւթը։
Միւս կողմէ, Փութինն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սուրիոյ ղեկավար Ահմէտ էլ Շարայի հետ։