ԱՆՑՔԻ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐԸ
Փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու «CNN Türk»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց. «Մենք կը կարեւորենք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ լարուածութիւնը հնարաւորինս արագ աւարտի եւ խաղաղութիւն հաստատուի»։
Պատասխանելով «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ հարցումի մը՝ նախարարը ըսաւ. «Մեզի համար արժէքաւոր քննարկումները կը շարունակուին։ Ի հարկէ, պէտք է հաշուի առնենք նաեւ երկիրներու ազգային անվտանգութիւնը։ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը այս հարցը կը քննարկեն։ Կայ նաեւ Իրանի այլընտրանքը եւ այս տարբերակը նոյնպէս քննարկման սեղանի վրայ է»։ Նախարարի խօսքով՝ Ատրպէյճան կ՚ուսումնասիրէ, որ միջանցքը Հայաստանի՞, թէ Իրանի տարածքով պիտի ըլլայ։ «Մենք նոյնպէս կը հետեւինք իրավիճակին», ըսաւ ան։
«Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը վերջին տարիներուն դարձած է Հայաստանի հիմնական մտահոգութեան խնդիրներէն մին։ Երեւանի ղեկավարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ տարածաշրջանային երկիրներու բոլոր հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման՝ իւրաքանչիւրի իրաւազօրութեան, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ։ Պաքուի ղեկավարութիւնը այս սկզբունքային մօտեցման կապակցութեամբ երկդիմի յայտարարութիւններ կ՚ընէ։ Իրան այս հարցին շուրջ Հայաստանի զգայնութիւնները կը բաժնէ։ Թուրքիոյ խօսոյթը թէեւ խիստ չէ, սակայն, միշտ Ատրպէյճանի հետ ներդաշնակութիւն մը կ՚ենթադրէ։ Ռուսաստան ենթադրեալ միջանցքի վերահսկողութիւնը կատարել կը ձգտի՝ պնդելով, որ այդ բանը նախատեսուած է՝ Արցախի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան մէջ։
Վերջին օրերուն հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն գրաւեցին ընդդիմադիր շրջանակներէ մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց՝ իշխանութիւնները ո՛չ թէ կը հակադրուին միջանցքի տրամաբանութեան, այլ՝ Ռուսաստանի վերահսկողութեան։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ եւ Թիւրքմենիստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ Իրանի տարածքով կազի տարանցման շուրջ։ Այսպէս, Թիւրքմենիստան BOTAŞ-ի հետ համաձայնագիր ստորագրեց, որպէսզի իր բնական կազը Իրանի վրայով տարանցնի՝ փոխանակման ձեւաչափով։ Թիւրքմենիստանի խորհրդարանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամմէտով եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան այս նիւթը շօշափած են հեռախօսազրոյցի ընթացքին։
Թուրքիա մտադիր է յառաջիկայ քսան տարիներուն Թիւրքմենիստանէն ստանալ 300 միլիառ խորանարդ մեթր կազ՝ թէ՛ ներքին սպառման եւ թէ դէպի Եւրոպա արտածման համար։