ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԺԱՄԿԷՏ

Նախկին ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու երէկ մեծարուեցաւ խումբ մը համայնքային գործիչներու կողմէ։ Այսպէս, իրեն ի պատիւ սարքուեցաւ ընթրիքի սեղան մը՝ Եշիլգիւղի զբօսարաններէն մէկուն մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ ներկայ գտնուեցաւ այս ընթրիքին։ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն (ԹՎՄ-ERVAB) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւս ներկայ գտնուեցան այս հաւաքոյթին։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, այս ընթրիքի հիւրընկալն էր Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ Սիւլէյման Սոյլուին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ՝ համայնքային վերջին ընտրութիւններուն ժամանակ ցուցաբերած դրական վերաբերմունքին շնորհակալութիւն յայտնելու նպատակով։ Մեր երէց ազգայիններէն Հայկ Ասլանեանի ձեռամբ ալ ուրիշ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ՝ այս անգամ Սեւան Սվաճըօղլուին՝ արժեւորելու համար հաւաքական կեանքէն ներս ունեցած ներդրումները։

Շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ կան այս հաւաքոյթի կազմակերպչական հանգամանքներուն եւ այլ մանրամասնութիւններուն շուրջ։ Ըստ երեւոյթին՝ անհատական նախաձեռնութեան մը տպաւորութեան տակ կազմակերպուած է այս ձեռնարկը, յամենայնդէպս, առաջին հերթին բաւական խորհրդաւոր է անոր ժամկէտը։ Բաց աստի, անհասկնալի չափանիշներով ճշդուած մասնակիցներու լսարանի մը առջեւ տեղի ունեցած է Սիւլէյման Սոյլուի մեծարանքը։ Մնաց որ, համայնքային վերջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան շուրջ երկուքուկէս տարի առաջ եւ այսօր արդէն բաւական ուշ կը համարուի՝ Սիւլէյման Սոյլուին շնորհակալութիւն յայտնելու համար։ Ի լրումն այս բոլորին, համայնքային մամուլին ալ այս հաւաքոյթը լուսաբանելու համահաւասար հնարաւորութիւն չէ ընձեռուած, ինչ որ այլ հարցականներ օրակարգի վրայ կը բերէ հասարակութեան մտքին մէջ, ակամայ։

Այս հաւաքոյթը դուռ բացած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի առկախեալ ընտրութեան հարցին բերումով զանազան շրջանակներու կողմէ առնուած քայլերուն շուրջ մեկնաբանութիւններու։ Դժբախտաբար, այդ քայլերը ներկայ փուլին հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութենէ բաւական հեռու մօտեցումներով կ՚առնուին, փակ դռներու ետեւ կը ծաւալուին այնպիսի աշխատանքներ, որոնք հանրային կարծիքի առողջ հունաւորման տեսակէտէ բացարձակապէս դրական ներգործութիւն չեն կրնար ունենալ։

Երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներ ունեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Սիւլէյման Սոյլու, Պետրոս Շիրինօղլու եւ Սեւան Սվաճըօղլու։ Նախկին նախարարը, որ այժմ Իսթանպուլի երեսփոխան է, ծաւալուն արժեւորումով մը հանդէս եկաւ համաշխարհային քաղաքականութեան եւ Թուրքիոյ իրադրութեան շուրջ։ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի այսօրուան կացութեան շուրջ։ Ան դիտել տուաւ, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը այսօր բոլորովին այլ մակարդակի մը հասած է եւ ըստ այդմ պէտք է ձեւաւորուի անոր ապագայ ղեկավարութիւնը։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ կարեւորեց նման շփումները, որոնք համայնքային խնդիրներու լուծման ճանապարհին կրնան դրական գործօններու վերածուիլ։ 

Շարք մը համայնքային վարիչներ եւ բարերարներ հրաւիրուած էին այս հաւաքոյթին եւ ուշագրաւ էր, որ մասնակիցները ընդհանրապէս կը պատկանէին այն շրջանակներուն, որոնք Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ղեկը ապագային ստանձնելու ուղղութեամբ մտադրութիւն կամ թեկնածութիւն առաջադրած են։

 

Երեքշաբթի, Մայիս 13, 2025