Կիրակի 20, Ապրիլ 2025
«ԱՐԱՐՄԱՆ ՈՒՂԻՆ»
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս բացուած է Սամուէլ Ղազարեանի «Արարման ուղին» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որ կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Ձեռնարկը ունի յոբելենական բնոյթ՝ քանի ձօնուած է Սամուէլ Ղազարեանի 85-ամեակին։
Յոբելեար արուեստագէտի ստեղծագործութիւնները՝ մանաւանդ քանդակները կ՚առանձնանան գաղափարական բազմազանութեամբ։ Իր համար ներշնչանքի աղբիւրներէն կը հանդիսանայ կնոջ կերպարը՝ նրբագեղութեան, խորհրդաւորութեան մարմնացում։
Յոբելեար արուեստագէտը պատկերասրահին նուիրած է՝ իր ստեղծագործած Մարտիրոս Սարեանի պրոնզէ քանդակը։
Ուրբաթ, Փետրուար 14, 2025