ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍ
Մինչ Սուրիոյ մէջ անցումային շրջանը թափով կը շարունակուի, Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Անգարայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն։ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա հիւրընկալեց այս պատուիրակութիւնը։ Շուրջ երեք ժամ տեւեց հանդիպումը, որու ընթացքին արժեւորուեցան տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, նաեւ քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Ժողովրդական պալատին մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրները այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած այս հանդիպման մասին, որ զուգադիպած է Սուրիոյ անցումային շրջանին տեսակէտէ բաւական նուրբ փուլի մը՝ մանաւանդ, որ Ահմէտ Շարայի ստորագրութեամբ երկրէն ներս ի զօրու դարձած է նոր սահմանադրութիւն մը՝ իսլամական իրաւունքի հիմքով։