ՓԱԿՈՒՂԻ՞ ԹԷ ԶԱՒԵՇՏ
Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը կ՚ընթանայ բաւական հետաքրքրական հունի մը մէջ։ Թէ՛ Երեւանէն եւ թէ Պաքուէն երէկ յայտարարուեցաւ, որ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի բովանդակութիւնը համաձայնեցուած է։ Բնականաբար, այսպիսի հրապարակում մը կ՚ենթադրէ այդ փաստաթուղթի անմիջապէս ստորագրուիլը, ինչ որ պաշտօնական հրապարակումներուն տրամաբանական շարունակութիւնը կ՚ըլլայ։ Յամենայնդէպս, պարագան այնպէս չէ։ Նոյնիսկ միջազգային բեմահարթակի վրայ արձագանգ գտած են Երեւանէն եւ Պաքուէն բարձրաձայնուած այս յայտարարութիւնները, սակայն, պայմանագրի բովանդակութեան համաձայնեցուած ըլլալն ալ այս պահու դրութեամբ բաւարար չէ փաստաթուղթը ստորագրելու համար։ Մինչ այդ, կայ նաեւ ուշագրաւ հանգամանք մը՝ ժամկէտի առումով։ Այսպէս, երկու մայրաքաղաքներէն կատարուած այդ յայտարարութիւնները զուգադիպած են Թուրքիայէն խումբ մը լրագրողի Երեւան այցելութեան։ Այս կէտին վրայ հերթական անգամ կը բիւրեղանայ, թէ Երեւան-Պաքու եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւնները որքան ածանցուած են իրարու հետ եւ անխուսափելիօրէն զիրար կը պայմանաւորեն։
Երէկ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ելոյթ մը ունեցաւ Պաքուի 12-րդ կլոպալ ֆորումի բացման, որու ընթացքին ըսաւ. «Մենք պէտք է խաղաղութիւն հաստատենք Հարաւային Կովկասի մէջ»։ Աւելի ուշ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ տեղեկացուց, որ Երեւանն ու Պաքուն համաձայնեցուցած են խաղաղութեան պայմանագրի վերջնական տեսքը։ Ան նշեց, որ Հայաստան ընդունած է խնդրայարոյց վերջին երկու կէտերու վերաբերեալ Ատրպէյճանի առաջարկները։ Ըստ Պայրամովի՝ Ատրպէյճան այժմ կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան փոփոխութեան ենթարկէ իր Սահմանադրութիւնը։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ հրապարակեց պաշտօնական յայտարարութիւն մը, ուր եւս ընդգծուեցաւ, որ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման գլխաւոր պայմանն է Հայաստանի Սահմանադրական փոփոխութիւնը։
Երեւանի դիւանագիտական աղբիւրներն ալ երէկ հաստատեցին, թէ Պաքուի վերջին առաջարկները դարձած են ընդունելի՝ տարակարծութեան առարկայ նիւթերու շուրջ։
ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Մինչ այդ, թէ՛ հայկական եւ թէ թրքական լրատուամիջոցները լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն։ Վարչապետը Թուրքիայէն Հայաստան մեկնած լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին նշած է, որ կողմերու յարաբերութիւններուն մէջ յաղթահարուած է հոգեբանական շեմը։ Վարչապետին խօսքով՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի առջեւ մեծ հնարաւորութիւն մը գոյութիւն ունի։
Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուած է, որ Անգարա-Երեւան երկխօսութիւնը կարեւոր արդիւնքներ պիտի տայ։ Ան նշած է, որ ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը այլեւս Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին չէ։ «Խաղաղութիւնը մեզի պէտք է՝ առաջին հերթին մեր անմիջական հարեւաններու հետ յարաբերութիւններուն համար», յայտնած է Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ ընկերային ցանցերու վրայ համատարած գնահատանքի արժանացած է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ Նիւ Եորքի մէջ ունեցած հանդիպումը։
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն վերջ երրորդ երկիրներու դիտորդները դուրս պիտի գան սահմանէն ու կողմերը ետ պիտի քաշեն միջազգային ատեաններու մէջ իրարու դէմ ներկայացուցած դիմումները։
«Խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծին մէջ միակողմանի որեւէ դրոյթ չկայ», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ համաձայնեցուած թեքստը լուծած է սահմանադրութեան եւ տարածքային պահանջներու հարցը։ Թուրք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան իրարու համար փոխադարձաբար պէտք է բանան հաղորդակցութիւնները։ Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի տեսակէտէ անհասկնալի եւ անընդունելի է «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը։ Ի շարունակութիւն՝ վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունի «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։
Թուրք լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Փաշինեան խօսած է նաեւ Պաքուի մէջ բեմականացւած դատավարութիւններուն մասին։ Իր խօսքով՝ բոլոր հնարաւոր տեղերուն մէջ ու բոլոր կարելի ձեւերով օրակարգի վրայ կը բերուին հայ գերիներու եւ պատանդներու հարցերը։
ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Միւս կողմէ, Երեւանէն եւ Պաքուէն հնչած յայտարարութիւններուն ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձագանգեցին Փարիզի, Պերլինի եւ Թեհրանի նման կարեւոր դերակատարներ։ Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Իրան յոյս յայտնեցին, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան հնարաւորինս արագ կը ստորագրեն խաղաղութեան պայմանագիրը։