ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹԱԿ
Հայաստանի մէջ բարձրագոյն թեքնոբանութիւններու բնագաւառի զարգացման ուղղեալ հետեւողական աշխատանքները կը շարունակուին։ Թէ՛ պետական եւ թէ մասնաւոր հատուածները այս ոլորտէն ներս կ՚առնեն շարունակական քայլեր՝ զարգացում ապահովելու առաջադրութեամբ։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Առաջատար թեքնոբանութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան տարեկան համաժողովը, որ 25-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Այս միութիւնը անփոխարինելի դերակատարութիւն մը ունի թեքնոբանական էքոհամակարգի զարգացման ճանապարհին՝ նոյն հարթակին վրայ հաւաքելով ոլորտի յառաջատարները։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի հազար խոշոր հարկատուներու ցուցակին վրայ ընդգրկուած թեքնոբանական ընկերութիւններուն կողմէ վճարուած հարկերուն շուրջ 70 տոկոսը՝ սոյն միութեան անդամ ընկերութիւններուն կողմէ կը փոխանցուի։
Համաժողովը թէեւ հերթական էր, սակայն, միմիայն անցեալ 25 տարիներու ճանապարհը վերարժեւորելով չսահմանափակուեցաւ, նաեւ յստակ ձեւակերպեց այն ռազմավարական առաջնահերթութիւնները, որոնք կ՚ուղենշեն թէ՛ այս միութեան եւ թէ ամբողջ թեքնոբանութեան բնագաւառի ապագան։
Համաժողովի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։ Իր կարգին, Հայաստանի բարձր թեքնոբանական արդիւնաբերութեան փոխ-նախարար Ռուբէն Սիմոնեան յիշեցուց, որ 25 տարի առաջ սոյն միութիւնը միայն ութ ընկերութեան մասնակցութեամբ հիմնուած էր։ Փոխ-նախարարին խօսքով՝ Հայաստանի թեքնոբանութեան ոլորտը պատրաստ է աւելի յաւակնոտ ծրագիրներու, աւելի լայն միջազգային ներկայութեան եւ առաւել խորքային ազդեցութեան երկրի տնտեսական զարգացման վրայ։