ՎԻԹԽԱՐԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄ
Հայաստանի կառավարութեան եւ «Քորփորասիոն Ամերիքա» ընկերութեան միջեւ ստորագրուեցաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի առեւտրական կառավարման պայմանագրի հինգերորդ լրացումը։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ յիշեալ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարթին Էրնէքեան։ Ստորագրման արարողութեան առթիւ տեղի ունեցած զրոյցին ժամանակ Մհեր Գրիգորեան եւ Մարթին Էրնէքեան անդրադարձան նաեւ այս նոյն ընկերութեան պատկանող այլ մեծ կալուածներու ներդրումային ծրագրերուն վերաբերեալ հարցերու։ Հարկ է նշել, որ յիշեալ ընկերութեան կը պատկանի նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին շէնքը, որ կը գտնուի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։
Օդակայանի պարագային ստեղծուած փաստաթուղթը կը նախատեսէ, որ կառավարման ժամկէտը երկարաձգուի մինչեւ 2067 թուականը։ Այս ընթացքին 425 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ ներդրումի կատարուիլը կ՚ենթադրուի օդակայանի համալիրէն ներս։
Յիշեալ ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ կը գործէ «Արմենիա միջազգային օդակայաններ» անուանումով։ Այս վերջնոյն գլխաւոր գործադիր տնօրէնը՝ Մարսելօ Վենտէ վերջերս «Forbes»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած էր, որ 500 միլիոն ամերիկեան տոլար ներդրումով նոր հանգոյց մը պիտի կառուցուի «Զուարթնոց» օդակայանի համալիրէն ներս՝ յառաջիկայ տասն տարուայ ընթացքին։ Նստեցման ելքերու թիւը, որ ներկայիս վեց է, պիտի բարձրանայ տասնը-վեցի։ Ժամանման սրահները, ներգաղթային գօտիները եւ մաքսային բաժանմունքները պիտի կրկնապատ-կըւին։
«Մենք կ՚աւելցնենք արդի սրահներ, կ՚ընդլայնենք կայանատեղիները եւ կը բարելաւենք փոխադրութեան հաղորդակցութիւնը ուղեւորներու համար։ Մենք նաեւ կը պատրաստուինք ինքնագործ թուային անցագրային ելքերու եւ կենսաչափական անցագրային նոր համակարգի հաստատման, ինչ որ պիտի դիւրացնէ Հայաստանի քաղաքացիներու ճանապարհորդութիւնը՝ մասնաւորապէս դէպի Եւրոպա։ Մեր նպատակն է ապահովել Հայաստանի դիրքը՝ որպէս մրցունակ կեդրոն տարածաշրջանէն ներս», յայտնեց Վենտէ։