ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄ

Երեւանի ղեկավարութիւնը նախընթաց օր հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի ներքին գործոց ու գաղթի կոմիսար Մակնուս Պրիւնէրը։ Հայաստանի ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան՝ դէպի Շենկենի գօտի մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման շուրջ բանակցութիւններ վարեց Մակնուս Պրիւնէրի հետ։

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարար Արփինէ Սարգսեանն ու Մակնուս Պրիւնէր սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

«Հայաստան սահմաններու համալիր կառավարման հարցին մէջ յեղափոխութեան համազօր փոփոխութիւններ պիտի ունենայ», յայտնեց Արփինէ Սարգսեան։ Այդ փոփոխութիւնները, ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանի խօսքով՝ պիտի կատարուին՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հետ համագործակցաբար։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2026