ԵԿԵՂԵՑԻ-ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒԵՑԱՆ ԳՀԽ-Ի ԿՈՂՄԷ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որ տեւեց չորս օր, բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի: ԳՀԽ-ի նստաշրջանը սկսաւ Վեհափառ Հայրապետի ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքով: Նիստերը վարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վանական խորհուրդի ատենապետ Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը նստաշրջանի աւարտին հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու ԳՀԽ-ի նստաշրջանի օրակարգին վրայ եկաւ վերջերս Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մերձակայ Սանկտ Փոլթենի մէջ կազմակերպուած Եպիսկոպոսական հաւաքը: Այս կապակցութեամբ զեկուցեց Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ եպսկ. Նալպանտեան:
ԳՀԽ գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ հաւաքին մասնակից եպիսկոպոսները աղօթական միութեան մէջ քննարկած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ հացեր եւ ձեւակերպած են շարք մը առաջարկներ՝ ի նպաստ Եկեղեցւոյ կեանքի կազմակերպման եւ առկայ խնդիրներու յաղթահարման:
ԳՀԽ-ն որոշեց կարելին ի գործ դնել հետամուտ ըլլալու խնդիրներու կարգաւորման՝ ընդգծելով, որ եկեղեցական կեանքէ ներս առկայ հարցերը պէտք է լուծուին բացառապէս օրինական ու եկեղեցական-կանոնական ճանապարհով:
Մասեացոտնի թեմէն ներս առաջնորդի պաշտօնակութենէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Ռուբէն վրդ. Զարգարեան: Նշուեցաւ, որ կարգալոյծ եղած Արման Սարոյեանը իշխանութեան մարմիններու ապօրինի աջակցութեամբ կը խոչընդոտէ թեմի հովուական, կանոնական եւ վարչական գործունէութիւնը՝ լարուածութիւն յառաջացնելով հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու շրջանակներէն ներս: Միեւնոյն ժամանակ, արձանագրուեցաւ, որ թեմի հոգեւորականներու մեծամասնութիւնը կը շարունակէ հովուական ծառայութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով եկեղեցական կարգաց եւ կանոնաց:
Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու համատեսքին մէջ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ ապօրինի ազատազրկուած ու այլ խափանման միջոցներու ենթարկուած եկեղեցականներու դէմ նախաձեռնուած քրէական, վարչական, քաղաքացիական գործերու ընթացքին, արձակուած դատավճիռներու եւ անոնց վիճակագրութեան վերաբերեալ զեկոյցներ ներկայացուցին իրաւաբան տքթ. Գէորգ Դանիէլեան եւ փաստաբան Արա Զօհրապեան:
ԳՀԽ կարեւորեց եկեղեցւոյ իրաւունքներու եւ ինքնավարութեան, արդարադատութեան եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու նկատմամբ յարգանքի ու պահպանութեան հրամայականը: Խորհուրդը դատապարտեց Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու կամայական, խտրական գործողութիւնները, Հայոց Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու դէմ իրականացուող հալածանքները, շինծու մեղադրանքներով ազատազրկումները, ինչպէս նաեւ պետական լծակներու գործադրութեամբ եկեղեցւոյ գործունէութեան դէմ արհեստական խոչընդոտներու ստեղծման, սահմանափակման եւ եկեղեցական կեանքի ապօրինի միջամտութիւններու փորձերը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վերջին շրջանին իշխանութիւններու կողմէ ներկայացուած օրինագծերուն եւ ենթաօրէնսդրական քայլերուն, որոնք կը սահմանափակեն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց արծարծումը կը դիտուի՝ իբրեւ յարմար պատրուակ հակաեկեղեցական թեզերու բարձրաձայնման եւ անարգել տարածման համար: Արձանագրուեցաւ, որ նման նախաձեռնութիւնները կը խաթարեն եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու սահմանադրական հիմքերը, մասնաւորապէս՝ խղճի եւ կրօնի ազատութեան իրաւունքը:
ԳՀԽ-ն մերժելի նկատեց նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Եւրոխորհրդարանէն ներս 11 մարտ 2026 թուականի ելոյթին մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան հասցէին հնչեցուած մեղադրական շինծու վերագրումները՝ «օտար ազդեցութեան գործակալ», «պատերազմի կուսակցութիւն» եւ այլն, որոնցմով ակնյայտօրէն կը փորձուի արդարացման հիմքեր ստեղծել եկեղեցւոյ դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու կողմէ իրագործուած ապօրինի գործողութիւններու եւ ծրագրուող ապագայ բռնաճնշումներու համար:
2026 թուականի սեպտեմբեր ամսին նախատեսուած Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի գումարման, օրակարգի եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ձեւաւորման վերաբերեալ զեկոյցով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ եպսկ. Պապայեան: Նստաշրջանի ընթացքին, ան ժողովականներուն ներկայացուց կատարուած նախապատրաստական աշխատանքները եւ ժողովի կազմակերպման առընչուող հարցերն ու առաջարկները: Այս կապակցութեամբ տրուեցան համապատասխան յանձնարարականներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերէ ներս հոգեւոր ծառայութեան դադրեցման, գնդերէցներու դէմ իրականացուած ճնշումներու, յառաջացած խնդիրներուն վերաբերեալ զեկոյց մը ներկայացուց Տ. Մովսէս վրդ. Սարգսեան: ԳՀԽ հաստատեց, որ պաշտպանութեան նախարարի միակողմանի որոշումը կը հակասէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու մասին» օրէնքի դրոյթներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան համապատասխան որոշման, որոնցմով ամրագրուած է հոգեւոր սպասաւորներու ծառայութիւնը զինեալ ուժերէն ներս: Կարեւորելով գնդերէցներու ծառայութեան նշանակութիւնը բանակի հոգեւոր եւ բարոյահոգեբանական մթնոլորտի առողջացման գործին մէջ՝ անհրաժեշտ նկատուեցաւ, որպէսզի քննարկուին ծառայութեան նոր կարգաւորումները եւ զանոնք օրինական հարթութիւն վերադարձնելու ուղիները:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնակրթական կեանքի վերաբերեալ զեկոյցով մը հանդէս եկաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Յուսիկ աբեղայ Սմբատեան: Ժողովականները շնորհակալութեամբ ունկնդրեցին ելոյթին: Կարեւորելով հոգեւորականներու պատրաստութեան ու հոգեւոր կրթութեան զօրացման ուղղեալ աշխատանքները՝ թելադրեցին շարունակել հետեւողական քայլեր ձեռնարկել ուսումնական ծրագրերու բարելաւման եւ նոր ուսանողներու ներգրաւման ուղղութեամբ:
Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2025 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը, ելմտական տարեկան, Մայր Տաճարի շինարարութեան աւարտական հաշուետուութիւնները եւ Վերստուգիչ յանձնախումբի զեկոյցը: Ներկայացուեցան նաեւ 2025 թուականի Հայաստանի եւ սփիւռքի համայնքներէն ներս իրականացուած հոգեւոր-քարոզչական, մշակութային, կրթական եւ ընկերային ծրագրերը: