ԱՐԱՂՉԻ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին տարածաշրջանային եւ երկկողմանի օրակարգի վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակից նախարարները անդրադարձան դիւանագիտական վերջին զարգացումներուն, տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն եւ Թեհրան-Պաքու յարաբերութիւններու վերաբերեալ խնդիրներու։
Կողմերը առանձնակի ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Իրանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի դիւանագիտական եւ քաղաքական կարգաւորման հեռանկարները։
Արաղչի Պայրամովի նկատառման յանձնեց մանրամասն տեղեկութիւններ՝ բանակցային գործընթացին վերաբերեալ։
Իր կարգին, Պայրամով նշեց, որ Ատրպէյճան կ՚աջակցի հակամարտութիւնը խաղաղ եւ բանակցութիւններու միջոցով լուծելու ուղղեալ ջանքերուն։
Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային այլ հարցերու շուրջ՝ ներառեալ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ խնդիրները։