ԼՊՐԾՈՒՆ ԵՒ ԱԼԵԿՈԾ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի հանդիպումը արդէն մագնիսացուցած է ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը։ Փեքինի մէջ երկու երկիրներու ղեկավարները կը քննարկեն այնպիսի օրակարգ մը, որու ծալքերը առաջնահերթօրէն կը հետաքրքրէ նաեւ համաշխարհային օրակարգը։ Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ ծալաւուած երկխօսութիւնը կը զուգադիպի համաշխարհային առումով արդի ու պատմական խաչմերուկի մը վրայ։
Երէկ, Տանըլտ Թրամփ մեկնեցաւ Փեքին, ուր դիմաւորուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պետական արարողակարգի բոլոր պատշաճութիւններով եւ ոգեւորութեան մթնոլորտի մէջ Շի Ծինփինկ հիւրընկալեց իր ամերիկացի պաշտօնակիցը։ Երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ թէեւ մեծ ակնկալութիւններ չկան այս հանդիպումէն, սակայն, հիմնական սպասումը այն է, որ Տանըլտ Թրամփ եւ Շի Ծինփինկ կը յաջողին գտնել միջոցներ, որպէսզի համաշխարհային տագնապները վերահսկելի սահմաններու մէջ կարողանան պահպանել։ Այսինքն, խորհրդանշական առումով հաւասարակշռութեան որոնումներ կը կատարեն երկու նախագահները։
Տանըլտ Թրամփը հիւրընկալելու ժամանակ Շի Ծինփինկ յայտնեց, որ թէ՛ երկու երկիրներու եւ թէ ամբողջ աշխարհի հետաքրքրութեան առարկայ նիւթեր կը քննարկուին եւ իրենք կը ձգտին յարաբերութիւններուն ճիշդ ուղղութեամբ ընթացք մը տալով բանալ նոր էջ մը։ Չինացի ղեկավարը համոզուած է, թէ այսօր համաշխարհային մակարդակի վրայ դարերէ ի վեր չտեսնուած եղափոխութիւնները թափ ստացած են, միջազգային կացութիւնը լպրծուն եւ ալեկոծուած է եւ աշխարհ պատմական նոր խաչմերուկի մը վրայ կը գտնուի։ «Չինաստան եւ ԱՄՆ նոր ժամանակներու հարցումներուն պէտք է միասին պատասխան գտնեն», ըսաւ ան։
Շի Ծինփինկ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն եւ Փեքին տարբերութիւններէ աւելի հասարակաց շահեր ունին եւ անոնցմէ մէկուն յաջողութիւնը միւսին համար բախտ մը կը համարուի։ Ան դիտել տուաւ, որ երկու երկիրները պէտք չէ զիրար մրցակից ընկալեն, այլ իրարու յաջողութիւններուն եւ բարգաւաճման նպաստելով՝ մեծ ուժերու յարիր ձեւով, ճիշդ ճանապարհ մը գտնեն։
Շի Ծինփինկ ընդգծեց, որ այս երկու մեծ երկիրներու, համաշխարհային մեծագոյն երկու տնտեսութիւններու միջեւ լաւ յարաբերութիւնները նպաստաւոր պիտի ըլլան նաեւ համայն աշխարհի տեսակէտէ։ Ուստի, առեւտուրի պատերազմները պիտի չունենան յաղթող մը։ Հուսկ, ան շեշտեց, որ Չինաստան կ՚ողջունէ ԱՄՆ-ի հետ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ամրապնդումը։
Կը հաղորդուի, որ աշխարհի զանազան տարածաշրջաններու լարուածութիւններն ու պատերազմները օրակարգի վրայ կու գան ամերիկա-չինական բանակցութիւններուն ընթացքին։ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ Իրանի հարցին մէջ ԱՄՆ Չինաստանի աջակցութեան կարիքը չի զգար։ Պատերազմներու եւ լարուածութիւններու առընթեր, թեքնոբանական նորութիւնները եւ անոնց հունաւորման խնդիրներն ալ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան բանակցութիւններու ընթացքին։
Միւս կողմէ, Տանըլտ Թրամփը հիւրընկալելէ վերջ, Փեքինի ղեկավարութիւնը պիտի ընդունի նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։