ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԼԱՒ ԼՈՒՐ
Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ ուղիղ, երկկողմանի առեւտուրի արգելքի ջնջուիլը ստեղծեց լայն արձագանգ։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ յառաջ տարուած բնականոնացման ջանքերու ամբողջին մէջ այս մէկը աննախընթաց իրադարձութիւն մը կը համարուի։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Անգարայի այս վերջին որոշման, որ կը զուգադիպի Հայաստանի մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ճիշդ նախօրեակին։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որու մէջ սոյն կարգադրութիւնը որակուեցաւ՝ կարեւոր քայլ մը։
Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացէն ներս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան այս իրադարձութիւնը համարեց լաւ լուր մը՝ գործարարներուն համար։
Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ հետ ուղիղ առեւտուրը կը նպաստէ գործարարութեան համար նոր շուկաներու ձեւաւորման եւ համագործակցութեան ընդլայնման։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոմիութիւնն ալ ողջունեցին՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ երկկողմանի առեւտուրի արգելքի ջնջուիլը։