ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ՝ ԲԱՐՁՐ ԹԵՔՆՈԼՈԺԻՆԵՐՈՒ ՈԼՈՐՏԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆԵՐԴՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը յանձնուեցաւ՝ բարձր թեքնոլոժիներու ոլորտէն ներս համաշխարհային ներդրման գնահատման համար սահմանուած, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ շնորհուած պետական մրցանակը։ Այս տարի 15-րդ անգամ յանձնուեցաւ այս մրցանակը, որ արդէն ունի կայացած աւանդութիւն։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիսաւոր արարողութեամբ մրցանակը յանձնեց Եոշիաքի Տէյմոն Հակիվարային, որ համաշխարհային մակարդակով հեղինակութիւն մը կը համարուի արհեստական բանականութեան ոլորտէն ներս։
Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին վարչապետը հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան ըսաւ.
«Հետաքրքրական օրինաչափութիւն կը նկատեմ բոլոր դափնեկիրներու հետ շփումներուն՝ այն առումով, որ անոնց բոլորն ալ իրենց անցած ճանապարհը, գործունէութիւնը վերյիշելու ժամանակ միշտ կ՚անդրադառնան դպրոցին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անկախ ապագայ կեանքի ընթացքէն, կրթութենէն, բոլորի կեանքէն ներս դպրոցը շատ էական դեր կը կատարէ»։
Բացի պարգեւատրման արարողութենէն, Նիկոլ Փաշինեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Եոշիաքի Տէյմոն Հակիվարայի հետ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան բարձր թեքնոլոժիներու ոլորտէն ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին։ Այս ամբողջին մէջ առանձնակի ուշադրութեան առարկայ դարձան՝ արհեստական բանականութեան ոլորտին հետամուտ հայ երիտասարդներու խրախուսման վերաբերեալ հարցերը։