ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻԿ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ յոբելենական համերգ մը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Փառաշուք երեկոյթը պատուեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը յոբելենական համերգի ընթացքին հանդէս եկաւ՝ գեղարուեստական ղեկավար՝ Էտուարտ Թոփչեանի մականին ներքեւ։ Որպէս յատուկ հիւր՝ յայտագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ աշխարհահռչակ դաշնակահարուհի Եուճա Վանկ, որ նուագեց մաէսթրօ Թոփչեանի մականին ներքեւ։
Այս փառաշուք երեկոյթը եկաւ բնորոշել յոբելենական համերգներու շարքի սկիզբը։ Յառաջիկայ տարուան տեւողութեան Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ արտասահմանի մէջ կը նախատեսէ զանազան ելոյթներ՝ միշտ մասնակցութեամբ աշխարհահռչակ հիւր արուեստագէտներու։