ԷԼԻՆԱ ՎԱԼԹՈՆԵՆԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
 Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանայի նախագահ երկրի՝ Ֆինլանտիայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնենը։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան առանձնազրոյց մը ունեցաւ իր պաշտօնակցին հետ, նաեւ սարքեց համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Նախարարները գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ օրուան տեւողութեան ընդունեց Վալթոնենը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վանլթոնեն ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման գործընթացը։

Ասուլիսի ընթացքին Միրզոյեան նշեց, որ Հայաստանի համար անընդունելի է Սահմանադրութիւնը փոխելու Ատրպէյճանի նախապայմանը։ Ան բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Արցախէ բռնի տեղահանեալներու համարկման գործընթացին շուրջ։ Նախարարը կանգ առաւ նաեւ Պաքուի հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման վրայ։ Ի լրումն այս բոլորին՝ Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ TRIPP-ի նախագծի վերաբերեալ թեքնիք նիւթերու լուծումները տակաւին պէտք է յստակեցուին Երեւանի եւ Ուաշինկթընի կողմէ։
Փաշինեանն ալ Վալթոնենի հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման գործընթացի շարունակութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներու վերաբերեալ հարցերու։ Վալթոնեն շնորհաւորեց Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը՝ վստահութիւն յայտնելով, թէ սա էապէս կը նպաստէ կայուն ապագայի մը կառուցման եւ տարածաշրջանէն ներս համագործակցութեան զարգացման։