ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԸ ԵՒ ՀԻՆԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ

Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը կը խորանայ ծայր աստիճան մտահոգիչ ձեւով։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ հալածանքները անհաւատալի համեմատութիւններու կը հասնին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները ահազանգ հնչեցուցին, որ այս առաւօտ եպիսկոպոս մը եւ հինգ քահանայ ձերբակալւած է։ Արագածոտնի թեմակալ առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեան եւ Սաղմոսավանքի հոգեւոր հովիւ Տ. Փառէն Քհնյ. Առաքելեան ձերբակալեալներու շարքին են։ Կը հաղորդուի, որ թեմակալ առաջնորդի բնակարանին մէջ կատարուած է խուզարկութիւն, սակայն պատճառներու մասին տակաւին տեղեկութիւն մը չկայ։ Հարկ է նշել, որ ձերբակալեալ սրբազանը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի քրոջ որդին է։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթենեան պաշտօնապէս հաստատած է այս տեղեկութիւնը։ Ձերբակալեալ միւս քահանաներն են՝ Տ. Մանուկ, Տ. Հայկ, Տ. Մկրտիչ եւ Տ. Ղեւոնդ։ Ձերբակալեալները կը գտնուին Երեւանի Քրէակատարողական հիմնարկին մէջ։

Այսպէսով, խորապէս մտահոգիչ տագնապալի պայմաններուն ներքեւ՝ իշխանութիւններու կողմէ արդէն երեք եպիսկոպոս եւ հինգ քահանայ թիրախաւորուած է։ Համատարած մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ այն անհերքելի համոզումը, թէ բո՛ւն թիրախը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին է՝ ի գլուխ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2025