ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՊՐԻՒՔՍԷԼ

Այսօր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսէլ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Արարատ Միրզոյեան կը մասնակցի Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ձեւաչափով հանդիպման մը։

Երեւան-Պրիւքսէլ առանցքի աննախընթաց աշխուժութեան զուգահեռ՝ Հայաստան վերջին շրջանին նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ նաեւ ԵՄ-ի անդամ առանձին պետութիւններու հետ յարաբերութիւնները։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2025