ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը փառաշուք համերգի մը մասնակցութիւն բերաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ՝ արձանագրելով հերթական նուաճումը եւ պատիւ բերելով թրքահայ համայնքին։
Համաշխարհային երգչախումբերու օրուան առթիւ, «Տենիզպանք»ի համերգաշարի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։ «Զիրաաթ» դրամատան «Ատա Անգարա» համալիրի գլխաւոր դահլիճին մէջ, 500 հոգիէ բաղկացեալ վիթխարի կազմ մը բացառիկ յաջողութեամբ իրականացուց նշանաւոր «Քարմինա Պուրանա»ի կատարումը։ Այդ պատկառազդու կազմին մէջ էր նաեւ Վարդանանց երգչախումբը, որ այս համերգին պատրաստուած էր՝ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ։ «Միասին երգէ» կարգախօսով կազմակերպուած էր ձեռնարկը։ Ըստ էութեան, Հանրապետութեան նախագահութեան սենֆոնիք նուագախումբը կազմեց հսկայ խումբին կորիզը։ Անոր միացած էին՝ Պետական բազմաձայն երգչախումբը, «Հաճեթթեփէ» համալսարանի սենֆոնիք նուագախումբը եւ այլ մանկապատանեկան խումբեր։ Հարկ է նշել, որ Հանրապետութեան նախագահութեան սենֆոնիք նուագախումբը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 200-ամեայ յոբելեանը։ Այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ՝ Պետական բազմաձայն երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար տքթ. Պուրաք Օնուր Էրտէմի եւ Հանրապետութեան նախագահութեան սենֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Ճեմիի Ճան Տելիօրմանի մականին ներքեւ։
Երէկուան փառաշուք համերգին ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, դպրաց դասու նախագահ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա, Հանրապետութեան նախագահի առընթեր Մշակոյթի քաղաքականութիւններու խորհուրդի կազմէն Արամ Գուրան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ գործակից ընկերները, նաեւ համայնքային շրջանակներէն այլ դէմքեր։