ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՄԱՆՈՒԷԼ ՉԸԹԱՔԻ ՀԱՄԱՐ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Շաբաթավերջին, լուսանկարչութեան ոլորտի եւ ընդհանրապէս գեղարուեստասէրներու տեսակէտէ եզակի հնարաւորութիւն մըն էր՝ անմոռանալի լուսանկարիչ Մանուէլ Չըթաքի յիշատակին կազմակերպուած ոգեկոչման ձեռնարկը:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան նեցուկով, «Casa Botter» գեղարուեստի եւ ծրագրաւորման կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ՝ Մանուէլ Չըթաքի յիշատակին ձօնուած ձեռնարկը: Սա, ըստ էութեան, ասուլիս մըն էր, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ իր բազմաթիւ գործերու ցուցադրութիւնը: Մանուէլ Չըթաքի թէ՛ սեւ-սպիտակ եւ թէ գունաւոր գործերուն մասին արտայայտուեցաւ Ճեմ Չեթին: Այս վերջինը, որ Մանուէլ Չըթաքի գործերուն մասին բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ, ներկաներուն առջեւ արժեւորեց անոր ոսպնեակի որսացած դրուագներու ժամանակի ընթացքին բազմապատկուած արժէքը: Ասուլիսին մասնակցեցաւ նաեւ Մանուէլ Չըթաքի այրին՝ Շեպնէմ Իշիկիւզել, որու պատմած յուշերը զգացումներու տարափ մը ստեղծեց սրահէն ներս:
Յայտագրի տեւողութեան դահլիճէն ներս ներկայ՝ Մանուէլ Չըթաքի բարեկամներն ու պաշտօնակիցներն ալ հանդէս եկան ելոյթներով:
Միւս կողմէ, միեւնոյն ժամանակ, այս հաւաքոյթը գիրքի շնորհանդէսի մը նշանակութիւնը ունէր: Արդարեւ, «Eczacıbaşı»ի կողմէ վերջերս հրատարակուած է Մանուէլ Չըթաքի գիրքը: Սա «Eczacıbaşı»ի լուսանկարիչներու շարքի 16-րդ գիրքն է: Ըստ էութեան, Մանուէլ Չըթաքի գործերու հարուստ հատընտիրի մը ալպոմին նշանակութիւնը ունի այս գիրքը:
Հարկ է նշել, որ «Eczacıbaşı»ի այս շարքէն ներս, Արա Կիւլէրէն ետք արդէն Մանուէլ Չըթաք հանդիսացած է այն երկրորդ հայազգի լուսանկարիչը, որու գործերը գիրքի ձեւաչափով հրատարակուած են:
Բոլոր անոնք, որոնք շաբաթավերջի ձեռնարկին մասնակցեցան, մէկ կողմէ ուրախացան ներկաներու հոծ բազմութեան համար, իսկ միւս կողմէ հերթական անգամ անդրադարձան, թէ Մանուէլ Չըթաքի նկատմամբ իրենց կարօտը որքան մեծ է: