ԸՆԿԱԼՈՒՄՆԵՐՈՒ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄ

ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան վերաբերեալ պայմանագրի կողմերու 17-րդ համաժողովը (COP 17) 2026 թուականի աշնան տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։ Այս կարեւոր իրադարձութեան ընդառաջ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ քննարկում մը, որու օրակարգին վրայ էին կենսաբազմազանութեան տեսակէտէ նշանակալից տեսլականները, համարկուած գործողութիւնները եւ միջսահմնային համագործակցութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի «Մարիոթ Արմենիա» պանդոկի համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, որու ընթացքին քննարկուեցան մետիաներու դերակատարութիւնը՝ մարդոց ընկալումներու պայմանաւորման ճանապարհին։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու դերակատարութեան նիւթին շուրջ քննարկումը տեղի ունեցաւ՝ կայուն զարգացման միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս։ Լրատուամիցոջներու եւ հաղորդակցութեան դերակատարութիւնը խոշորացոյցի տակ առնուեցան՝ կայուն զարգացման վերաբերեալ իւրաքանչիւր նիւթի արծարծման, տարածման, ինչպէս նաեւ այս կապակցութեամբ մարտահրաւէրներու մասին տեղեկութիւններ ստանալու եւ յառաջընթաց ապահովելու գործին տեսանկիւնէն։

«Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու եւ հաղորդակցութեան դերը Հայաստանի մէջ կայուն զարգացման յառաջխաղացման ուղղութեամբ» խորագրեալ ասուլիսի ատենախօսներու շարքին էր «Արմէնփրէս» գործակալութեան տնօրէնուհի Նարինէ Նազարեան։ Այս վերջինը շեշտեց, որ կայուն զարգացման նիւթը վաղուց դուրս եկած է բնապահպանական շրջանակէն ու դարձած է համընդհանուր մարդկային օրակարգի մասերէն մին։ Այս համատեսքին մէջ լրատուամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան դերը չափազանց կարեւոր է։ «Մետիաները ո՛չ միայն տեղեկութիւններ կը հաղորդեն, այլեւ կը ձեւաւորեն մարդոց ընկալումները, առաջնահերթութիւնները եւ ինչու չէ՝ կը պայմանաւորեն անոնց վարքագիծը։ Շատ կարեւոր է, որ կայուն զարգացման նիւթով հաղորդակցութիւնը այնպէս մը կառուցուի, որ իւրաքանչիւր մարդ ինքզինք զգայ այս ծրագրերու շահառուն», ըսաւ Նարինէ Նազարեան։

Ուրբաթ, Մայիս 16, 2025