ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ՄԱՀԸ

Ֆրանսայի յառաջատար բոլոր զանգուածային լրատուութեան միջոցները երէկ արձագանգ հանդիսացան բօթին. ոչ եւս է վաստակաւոր լրագրող Տանիէլ Պիլալեան, որ կեանքէն հեռացած է 78 տարեկանին։

Հեղինակաւոր լրագրող Տանիէլ Պիլալեան ծնած էր 1947 թուականին։ Ընտանիքը AFP-ին տեղեկացուցած է, որ ան մահկանացուն կնքած է հիւանդութեան մը հետեւանքով։

Լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Տանիէլ Պիլալեան եղած էր ֆրանսական մետիայի սիւներէն մին։ Երկար տասնամեակներ ան աշխատած էր՝ որպէս հեռուստահաղորդավար։ Բաց աստի, ֆրանսական հեռուստակայաններու մարզական տնօրէնի պաշտօնն ալ վարած էր աւելի քան տասն տարի անընդմէջ։ Այս ամբողջ վաստակով եւ ազատ խօսքի նկատմամբ զգայնութեամբ, նաեւ բարձր արհեստավարժի վարպետութեամբ՝ Տանիէլ Պիլալեան համատարած յարգանքի եւ գնահատանքի արժանացած էր ֆրանսական լրատուութեան աշխարհէն ներս եւ հանրային կարծիքին կողմէ։

Իր հրաժեշտի տխուր պահուն ֆրանսական լրատուամիջոցները բազմակողմանի հաղորդումներով կ՚արժեւորեն Տանիէլ Պիլալեանի ասպարէզի վաստակը։

Ուրբաթ, Մայիս 16, 2025