ԲԱՐԴ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Մինչ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու ուղղեալ ջանքերը միջազգային օրակարգի վրայ կը մնան առաջնահերթութիւն, Թուրքիա միջնորդական դերակատարութիւն ստանձնած է եւ յառաջ կը տանի բարդ դիւանագիտութիւն մը։ Երէկ, թրքական կողմը թէ՛ ռուսական եւ թէ ուքրանական կողմի ներկայացուցիչները հիւրընկալեց, որպէսզի համաձայնութեան գետին մը ստեղծուի եւ առաջին հերթին հրադադարի հնարաւորութիւն մը գոյանայ։ Կողմերը թէեւ մասնակցեցան, ներկայ էին գետնի վրայ, սակայն, փոխադարձ դիմադրութիւններ ցոյց տուին օրուան տեւողութեան։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուեցան տագնապի կարգաւորման հեռանկարները։ Յամենայնդէպս, երէկ ակնկալուած անակնկալը տեղի չունեցաւ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիա չժամանեց՝ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպելու համար։

Անգարա միջազգային սպասումներու զուգահեռ դիրքաւորուած է գործընթացի այժմու փուլին եւ յամառ ջանքեր կը գործադրէ Մոսկուա-Քիեւ առանցքին վրայ նուազագոյն հասարակաց յայտարարի մը հասնելու առաջադրութեամբ։ Ուաշինկթընի հետ ալ այս առումով կը ծաւալուի սերտ համագործակցութիւն։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Անոնք հանդիպեցան Անթալիայի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն հաւաքը։ Թրքական կողմը այս բոլոր ջանքերը կը գործադրէ՝ առանց անտեսելու Մերձաւոր Արեւելքը։ Արդարեւ, Ֆիտան երէկ եռակողմանի ձեւաչափով Ռուպիոյի հետ մէկտեղեց նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանին։ Ծանօթ է, որ նախօրէին Սուրիոյ անցումային շրջանի ղեկավար Ահմէտ Շարա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Ռիատի մէջ տեսակցած էր՝ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի միջնորդութեամբ։ Ի լրումն այս բոլորին, Մերձաւոր Արեւելքի ուղղութեամբ առանցքային այլ շփումներն ալ թափ ստացած են՝ մինչ Թրամփ երէկ յայտնեց, որ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութիւնը կը համարուի մօտ։ 

Այս իրադարձութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտէն ներս, Իսթանպուլի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ երկու եռակողմանի հանդիպում։ Առաջինը՝ Ռուսաստան-Թուրքիա-Ուքրայնա ձեւաչափով շփում մըն է, իսկ երկրորդը՝ Ուքրայնա-Թուրքիա-ԱՄՆ քննարկումը։ Միջազգային թէժ օրակարգի վերաբերեալ այս հրատապ քննարկումներու արդիւքներուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։

 

Ուրբաթ, Մայիս 16, 2025