ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վերջ տալու համար՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ պատրաստուած ծրագիրը կը բնորոշէ միջազգային օրակարգը։ Պերլինի մէջ տեղի կ՚ունենան՝ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի, Եւրոպայի երկիրներու ղեկավարներու եւ ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիվ Ուիթքովի, նաեւ Թրամփի փեսային՝ Ճերըտ Քուշնէրի մասնակցութեամբ բանակցութիւնները։

Զելենսքի այս փուլին տուաւ երկու կարեւոր պատգամ։ Ան նշեց, որ Ուքրայնա կրնայ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարէն հրաժարիլ, սակայն, տարածք չի զիջեր։

Ամերիկացի պաշտօնատարները նշեցին, որ վերջին քննարկումներուն յաջորդած պայմաններով՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա տարակարծութիւններու 90 տոկոսը հարթուած է։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2025