ԵՄ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՄՂԵՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ձեւաչափով հանդիպման։ Քննարկումները ծաւալուեցան աշխատանքային նախաճաշի մը ձեւաչափին մէջ։ Ներկայ էին Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ ու ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս, Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս, ԵՄ-ի անդամ երկիրներու նախարարները կամ ներկայացուցիչները։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ գոհունակութեամբ նշուեցան ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան զարգացման հարցին մէջ արձանագրուած նշանակալի արդիւնքները, կարծիքներ փոխանակուեցան յառաջիկայ ընելիքներուն մասին։ Արարատ Միրզոյեան բարձր գնահատեց Երեւան-Պրիւքսէլ ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի եւ համատեղ տարբեր նախաձեռնութիւններու կեանքի կոչման հարցին մէջ աջակցութիւնն ու ձեւաւորուած համախոհութիւնը։

Քննարկումներու ընթացքին ԵՄ-ի անդամ երկիրները աջակցութիւն յայտնեցին Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման, դիմակայունութեան ամրապնդման։ Տարածաշրջանային իրադարձութիւններու համատեսքին մէջ եւրոպացի նախարարները աջակցութիւն յայտնեցին հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացին, նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան ապագայ ամրապնդման ուղղեալ ջանքերուն։

Իր ելոյթին մէջ Միրզոյեան անդրադարձաւ ԵՄ-ի հաւանական ներգրաւուածութեան՝ տարածաշրջանի ենթակառուցուածքային նախագծերուն։

Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսէլէն ուղեւորուեցաւ Լիւքսեմպուրկ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2025