Ուրբաթ 18, Ապրիլ 2025
ՄԱՀ՝ ԱՒԵՏԻՔ ԻՇԽԱՆԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեան։ Ան հասարակական գետնի վրայ գործունէութիւն կը ծաւալէր եւ իր հետեւողական աշխատանքը կ՚առընչուէր նաեւ քաղաքականութեան հետ։ Բազում երեսակներով իր տարած աշխատանքին մէջ ան ի յայտ կու գար նաեւ՝ որպէս լուրջ մտաւորական։
Աւետիք Իշխանեան երկար ժամականէ ի վեր կը տառապէր անբուժելի հիւանդութենէ։ Վերջին շրջանին կացութիւնը շատ ծանրացած էր։ Հարազատները ընկերային ցանցերու գրառումով տեղեկացուցած են, որ անողոք հիւանդութեան տառապանքները չերկարաձգելու համար Աւետիք Իշխանեան հրաժարած է արհեստական սնուցումէ։
Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2025