ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԶՐՈՅՑՆԵՐԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ։ Երկու զրոյցներու ընթացքին ալ վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան համաձայնեցուած ըլլալուն։ Փաշինեան ընդգծեց, որ համապատասխան բանակցութիւններն ալ հասած են իրենց աւարտին։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն արժեւորեցին Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային խնդիրները, նաեւ քննարկեցին Հայաստան-Ֆրանսա եւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները։
Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքի իրադարձութիւններուն առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան Մեսուտ Փեզեշքիանին հետ ալ կարծիքի փոխանակումներ ունեցաւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն, նաեւ երկկողմանի օրակարգի խնդիրներուն շուրջ։
Խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրի բովանդակութեան համաձայնեցուած ըլլալու հանգամանքին միջազգային արձագանգներն ալ շարունակուեցան շաբաթավերջին։ Այսպէս, Արաբական պետութիւններու լիկան, Քուէյթը, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սէուտական Արաբիան, ինչպէս նաեւ Յունաստանն ու Պրազիլը ողջունեցին այս իրադարձութիւնը։