ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵՒ ԹՐԱՄՓԻ ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՇՓՈՒՄԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ սա եղաւ Սպիտակ տան նոր շրջանի առաջին ամենաբարձր մակարդակի շփումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան Թրամփի նկատառման յանձնեց՝ նուրբ խնդիրներուն վերաբերեալ թրքական կողմի սպասումները։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա նոր շրջանին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին շուրջ ԱՄՆ-էն կ՚ակնկալէ դիրքորոշում մը, որ հաշուի պիտի առնէ իր սպասումները։ Նախագահներու զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան «F-16» եւ «F-35» ռազմաօդանաւերու վերաբերեալ խնդիրները։

Էրտողան համոզուած է, թէ նոր շրջանին Թուրքիա եւ ԱՄՆ զօրակցութեան մէջ պէտք է ըլլան՝ որպէս դաշնակից։ Սա պէտք է ըլլայ նպատակասլաց եւ անկեղծ։ Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա կը խրախուսէ Ուքրայնայի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը։ Էրտողանի խօսքով՝ Թուրքիա կը խրախուսէ Թրամփի՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու ուղղեալ վճռական, ուղղակի նախաձեռնութեամբ առնուած քայլերը։

Բաց աստի, Սուրիոյ իրավիճակը եւս զրոյցի օրակարգին վրայ էր։ Էրտողան նշեց, որ Սուրիայէ ներս կայունութեան վերահաստատման, նոր ղեկավարութեան գործնական դառնալուն եւ երկրի բնականոնացման ճանապարհին կարեւոր նշանակութիւն ունի պատժամիջոցներու բաւ համարուիլը։ Նախագահը կանգ առաւ նաեւ Սուրիայէն գաղթածներու վերադարձի հեռանկարին վրայ՝ կարեւորելով այս ուղղութեամբ բերուելիք նպաստը։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՌԱՆՑՔԸ

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Թրամփ վաղը հեռախօսազրոյց մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս խօսակցութեան ընդառաջ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շաբաթավերջին հեռաձայնով կապուեցան իրարու հետ՝ քննարկելով այն հաւանական քայլերը, որոնք պիտի յաջորդեն վերջին բանակութիւններուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 17, 2025