ՄԵԾՆ ԶԱՀՐԱՏԻ ՎԱՌ ՀԵՏՔԵՐՈՎ. ԿԻԿՕ, ԳԾԱՆԿԱՐՆԵՐ, ԿԱՏՈՒՆԵՐ ԵՒ ԱՒԵԼԻՆ…
Պոլսահայ մշակութասէրներուն տեսակէտէ շաբաթավերջին եզակի ու հաճելի իրադարձութիւն մը եղաւ «Կիկօ-ի հետ առաջ ու յետ» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումն ու նոյն առթիւ պատրաստուած գիրքին շնորհանդէսը։ Երէկ յետմիջօրէին, Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ մեծանուն բանաստեղծ Զահրատի վիթխարի ժառանգութեան վառ հետքերուն հետեւելու առումով ինքնուրոյն հնարաւորութեան մը վերածուեցաւ։ Հաւաքոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որուն ընկերացաւ Պատրիարքարանի հրատարակչութեան բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Ներկաներու շարքին էին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ներկայացուցիչները եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ մշակութասէրներ՝ ներառեալ վարչայիններ, կրթական մշակներ եւ այլն։ Այս ցուցահանդէսի համադրողն է՝ Երեւանէն յայտնի մտաւորական Տիգրան Պասկեւիչեան, որ եւս այս առթիւ եկած էր քաղաքս։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հովանաւորութեամբ եւ Գարակէօզեանի ընտանիքի հիւրընկալմամբ տեղի ունեցած երէկուան ձեռնարկի կազմակերպիչներն էին՝ «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնը, «Ակտուալ արվեստ» հրատարակչութիւնը եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը։ Անցեալ դեկտեմբերի սկիզբին, Երեւանի մէջ, Զահրատի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ցուցահանդէսի տարբեր ձեւաչափով մը կրկնութիւնն էր այս մէկը՝ մինչ պատրաստուած գիրքը առաջին անգամ գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուեցաւ Պոլսոյ այս ձեռնարկին ժամանակ։
Բացման հանդիսութեան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Մարի Արզումանի։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Գարակէօզեան տան տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու։ Տիգրան Պասկեւիչեանի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի ելոյթներէն վերջ սրտի խօսք մը արտասանեց Նաիրի Պետրոսեան։ Զահրատի ընտանիքէն Հմայեակ Ուղուրլեան բոլորին փոխանցեց ողջոյնները մեծ բանաստեղծի այրիին՝ Անայիս Եալտըզճեանի, որ ակամայ կը բացակայէր ձեռնարկէն։ Տիգրան Պասկեւիչեան եւ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան փոխ-ատենապետ տքթ. Գարուն Գովան փոխանակեցին յուշանուէրներ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հուսկ բանքին մէջ ընդգծեց, որ թրքահայ այժմու իրականութեան մէջ մարդիկ համատարած ձեւով կտրուած են հաւաքական յիշողութենէ եւ այսպիսի ձեռնարկները պատեհ առիթներ են՝ այդ յիշողութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ պայքարի ճանապարհին։
Նորին Ամենապատուութեան խօսքէն վերջ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական գինեձօնը, որու ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տիգրան Պասկեւիչեան, Գարուն Գովան եւ Արա Գօչունեան։
Ներկաները ցուցահանդէսը շրջեցան՝ ականատես դառնալով Զահրատի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ նկարիչ Լեւոն Գյուլխասեանի ստեղծագործած գծանկարներուն։ Շրջայցի ընթացքին բոլորին տեսակէտէ հաճելի էր լսել Զահրատի բանաստեղծութեան հիման վրայ «Հովեր» երգչախումբին կատարումները եւ Տիգրան Պասկեւիչեանի կողմէ անցեալին Անայիս Եալտըզճեանի հետ կատարուած հարցազրոյցի հատուածները։
Բացման զուգահեռ կազմակերպուած ընդունելութիւնը առիթ դարձաւ, որպէսզի ներկաները իրարու հետ բաժնեն՝ Զահրատի ժառանգութեան հետ այս եզակի շփման վերաբերեալ տպաւորութիւնները։ Այս փուլին ջերմօրէն շրջապատուեցաւ Տիգրան Պասկեւիչեանը, որու Զահրատի վերաբերեալ մեկնաբանութիւնները հետաքրքրական էին՝ մանաւանդ, որ ան մօտէն ծանօթ է սփիւռքեան մշակութային կեանքին։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ շաբաթ մը։