Ո՞Վ ՈՒԶԵՑ ՆԻԿՈԼԸ

Այս հարցի արդիականութիւնը Հայաստանի ներքին քաղաքական օրակարգ մտաւ նոյնքան յախուռն ու անսպասելի՝ որքան փետրուարի 17-ի ասուլիսի Հայաստանի երկրորդ նախագահի այն բացայայտումը, թէ «Հայաստան» դաշինքը ծանրակշիռ մասնակցութիւն պիտի ունենայ յառաջիկայ քաղաքական գործընթացներուն՝ ըլլան անոնք խորհրդարանական հերթական կամ արտահերթ ընտրութիւններ եւ կամ փողոցային պայքարի մարտավարութիւն։ Ռոպերթ Քոչարեանի այդ իսկ ասուլիսէն յետոյ, չես գիտեր ինչու, հրատապ դարձաւ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութեան գլուխ բերածի փնտռտուքի նիւթը։ Աւելին, սա յայտնուեցաւ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու աջակիցներու միջեւ ծագած որոշ լարուածութեան առանցքին։

Թէ՛ աշխարհաքաղաքական ու ներքին այս խառն ժամանակներուն ի՞նչ սեւ կատու անցած էր խորհրդարանի «Հայաստան» դաշինքի եւ «Պատիւ ունիմ» խմբակցութեան միջեւ՝ կողմերը այնքան ալ հաճոյքով պարզաբանումներ չեն տար այն լրատուամիջոցներուն, որոնք կրակին վրայ իւղ լեցնելու նախասիրութիւն ունին եւ կը փորձէին երկու ընդդիմադիր ուժերու լարուածութիւնը արտապատկերել Քոչարեան-Սարգսեան աշխարհահայեացքային տարաձայնութիւններու վրայ։ Ընդունուած է համարել, Ռոպերթ Քոչարեանը աւանդական պահպանողական գաղափարախօսութեան կրող է, իսկ Սերժ Սարգսեանը կը յարի աւելի ազատական-ժողովրդավարական թեւին՝ հակառակ ժողովուրդի զգալի մասին համար երկուքն ալ «մէկ սանրի կտաւ» են։

Ըստ էութեան, փոխադարձ մեղադրանքները կը վերաբերին այն խնդրին, թէ ով, ի վերջոյ, 2018-ին բերաւ ու ժողովուրդի գլխին կապեց Նիկոլ Փաշինեան անհաւասարակշիռ անձը, որմէ ազատուիլը այսօր հանգոյց դարձած է։ Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցներու թիրախին է Հայաստանի երրորդ նախագահը եւ ոչ-անհիմն։ Սերժ Սարգսեան կրնար օրինական միջոցներով զսպել Նիկոլ Փաշինեանի սանձարձակութիւնները, բայց չըրաւ, երբ վերջինս փողոցներ եւ արագաչափեր կը փակէր։ Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ջարդեց Հանրային ռատիոյի շէնքի դուռը եւ «ուսապարկերու» խումբով ներխուժեց՝ յատուկ պահպանուող ռազմավարական տարածք։ Տակաւին չըսած՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն (ՀՀԿ) ստացած այն քուէներու մասին, որոնք վարչապետ դառնալու համար անոր չէին բաւեր։

«Ո՞վ բերաւ Նիկոլը» հարցը առաջին հայեացքով հռետորական է, որովհետեւ պատասխանը ակնյայտ է՝ 2018-ի գարնան զայն բերին «Սերժը մերժողներու» ամենատարբեր խումբեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հետաքրքրութեան հետամուտ էր։ Արտաքին խաղացողները ունէին իրենց աշխարհաքաղաքական ծրագրերը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու շարք մը խաւերն ալ՝ իրենց դրդապատճառները։ Վերջիններս բաւական խայտաբղէտ խումբեր էին, որոնց մէջ ընդգրկուած էին նոյնիսկ ՀՀԿ-ի համախոհութեան դաշնակիցներ, կուսակցութեան շարքային եւ ոչ-շարքային անդամներ, գործարարներ, արտաքին ազդեցութեան գործակալներ, ազգային եւ ընկերային քաղքենիներ, փոփոխութիւններու տենչով քաղաքացիներ, գործազուրկներ, մոլորեալներ, մէկ խօսքով՝ «խելագարուած ամբոխներ»։

Ով ըսես Սերժ Սարգսեանը կը մերժէր՝ ան յոգնեցուցած էր բոլորը, երկիրը փակուղիի մտցուցած։ Սերժ Սարգսեանը եւ արդարութիւնը անհամատեղելի էին, ան չունէր Արցախի խնդրի լուծման քաղաքական ձեւակերպումը եւ կը կանխատեսէր, որ Ստեփանակերտը, օր մը երգ պիտի դառնար մեր շուրթներուն (…)։ Սերժ Սարգսեանը, դիտաւորեալ կամ անգիտակից, կեանքի ուղեգիր տուաւ «Ելք» դաշինքին, որու ամենաբարոյազուրկ հակապետական, բայց եւ մարտունակ դէմքը Նիկոլ Փաշինեանն է՝ արհեստավարժօրէն ամէն ինչ մերժողը՝ ներառեալ Արցախը, մեր երեսնամեայ պատմութիւնը ազգային-պետական խորհրդանշանները։

Այս բոլորով հանդերձ, «Ո՞վ բերաւ Նիկոլը» սկզբունքօրէն շատ աւելի խոր է՝ քան կրնայ թուիլ, որովհետեւ Նիկոլը սոսկ անձ չէ, այլ «հիւանդութեան» իր օճախը ունեցող ախտանիշ։ Սա մեր միջավայրն ու մթնոլորտն է, որոնք հնարաւոր կը դարձնեն պայմանականօրէն նիկոլներու յառաջացումը. միջավայր, որու ձեւաւորման մասնակիցները բոլորս ենք՝ յետանկախական շրջանի բոլոր երեք ղեկավարներու առաջնորդութեամբ։ Այդ միջավայրը ապաքինման յոյժ կարիք ունի։

Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի

Երեքշաբթի, Մարտ 18, 2025