ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր կը պատրաստուի այս ամսավերջին ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, 30 մարտ-2 ապրիլ թուականներուն ան պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ Պերլին միշտ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն, իսկ Շթայնմայէրի ուղեւորութեան ժամկէտը կը համընկնի՝ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան համաձայնեցման ներկայ շրջանին։

Շթայնմայէր Երեւանի մէջ կը հանդիպի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ան կ՚այցելէ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար թեքնոլոժիներու կրթական կեդրոնը եւ կը մասնակցի մշակութային ընդունելութեան մը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Շթայնմայէր Հայաստանի կեցութեան օրերուն կ՚այցելէ Դիլիջան, կը խօսի հայ կին ձեռներէցներու հետ, կը ծանօթանայ քաղաքաշինութեան ծրագրին։ Իր ծրագրին վրայ նախատեսուած է նաեւ այցելութիւն մը դէպի Սեւանայ լիճի եկեղեցին եւ ջրաօդերեւութաբանական ու դիտարկման կեդրոն, ուր կը գործէ բնապահպանական հետազօտութիւններու կառոյց մը։

Երեքշաբթի, Մարտ 18, 2025