ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՆԵՐՇՆՉՄԱՄԲ…
Մեծ բանաստեղծ Զահրատի 100-ամեակին ձօնուած «Կիկօ-ի հետ առաջ ու յետ» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման արձագանգները կը շարունակուին։ Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ կեանքի կը կոչուի այս բացառիկ նախագիծը, որ արժանացած է բարձր գնահատանքի։ Զահրատի գործերուն հիման վրայ՝ նկարիչ Լեւոն Գյուլխասեան ստեղծագործած է եզակի գծանկարներ, որոնք այնքան խորաթափանց կը ցոլացնեն Զահրատը, ոճն ու հերոսները։ Ցուցահանդէսը համադրած յայտնի մտաւորական Տիգրան Պասկեւիչեանի տեսլականը անկրկնելի հնարաւորութիւն մը ապահոված է՝ Զահրատի վիթխարի ժառանգութեան նորովի գիւտին համար։ Արդարեւ, Զահրատ ժամանակները անդրանցած մեծութիւն մըն է եւ իբր այդ իրմով ներշնչումը միշտ բացառիկ ծալքեր, երանգներ կ՚ունենայ։
Ուրեմն, մշակութասէր հասարակութիւնը ներկայ շաբթուան ընթացքին կարելիութիւն կ՚ունենայ Զահրատի հետ այս՝ այնքան հաճելի ժամադրութեան։