ԻՏԷԱԼ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ…

Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Ուքրայնայի տագնապին ու կը կրկնէ խաղաղութեան բանակցութիւնները հիւրնկալելու պատրաստակամութիւնը՝ մինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի նախաձեռնութիւնները կը բնորոշեն միջազգային օրակարգը, որմէ անմասն չեն Եւրոմիութեան, նաեւ Մեծն եօթնեակի (G7) կարգ մը երկիրներու մտահոգութիւնները։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Անգարա-Քիեւ առանցքը դարձեալ աշխոյժ է։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Պեշթեփէի համալիրին մէջ հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Առանձնազրոյցէն եւ պատուիրակութիւններու բանակցութիւններէն վերջ երկու նախագահները սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Նախագահ Էրտողանի խօսքով՝ Ուքրայնայի տագնապի պարագային Անգարայի եւ Ուաշինկթընի մօտեցումները կը համընկնին։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա կը շարունակէ անհրաժեշտ նկատել Ուքրայնայի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը։ Էրտողանի խօսքով՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ պատերազմը վերջացնելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը կը համընկնի՝ Թուրքիոյ կողմէ նախապէս գործադրուած ջանքերուն հետ։ «Ռուսաստանի հետ Ուքրայնայի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ յառաջիկայ հաւանական տեսակցութիւններուն համար մեր երկիրը իտէալ հիւրընկալ մը պիտի ըլլայ», ըսաւ Էրտողան։

Իր կարգին, Վոլոտիմիր Զելենսքի նշեց, որ Ռիատի մէջ երէկ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի առընթեր՝ սեղանի շուրջ պէտք է ըլլային նաեւ Ուքրայնան եւ Թուրքիան։ Ան աւելցուց, թէ այս հակամարտութեան պարագային Անգարա միշտ վարուած է սկզբունքային։

Զելենսքիի հետ բանակցութիւններ վարելէ վերջ Էրտողան յայտարարեց, որ պատերազմը այլեւս պէտք է վերջ գտնէ, իսկ խաղաղութիւնը չ՚ունենար կորսնցնող։ Ան շեշտեց, որ Զելենսքիի այցելութիւնը զուգադիպած է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ուքրայնայի պատերազմի հիմնական տինամիքները կարեւոր փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուին։ «Առաջին իսկ օրէն մեր մեկնակէտը եղած է, որ պատերազմը չ՚ունենար շահող, իսկ խաղաղութիւնը չ՚ունենար կորսնցնող։ Ուստի, խտացեալ ջանքեր գործադրած ենք կողմերու միջեւ բանակցուած խաղաղութեան մը հաստատման համար», ըսաւ Էրտողան, որ մատնանշեց, նաեւ Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուած զգայնութիւնը՝ Խրիմի թաթարներու իրաւունքներուն նկատմամբ։ Նախագահը շեշտեց նաեւ Անգարայի ընծայած ուշադրութիւնը՝ Սեւ ծովու վերաբերեալ կարգադրութիւններու պարագային։ 

«Անտարակոյս, արդար խաղաղութեան մը հնարաւոր դառնալուն համար պէտք է հաշտութեան ի նպաստ դիրքորոշում որդեգրեն այն երկիրները, որոնք հզօր են», յայտնեց Էրտողան։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Զելենսքին հիւրընկալելու զուգահեռ՝ նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ։ Անոնք քննարկեցին տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խնդիրները։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա ըրած է իր կարելին ու պիտի շարունակէ ընել՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վերջ տալու համար։ Իր խօսքով՝ Անգարա ջանք կը գործադրէ, որպէսզի տարածաշրջանի եւ աշխարհի մէջ պատերազմները վերջ գտնեն։ Այս առումով Էրտողան կարեւորեց, որ միջազգային հաւաքականութիւնն ալ նպաստէ թրքական կողմի ջանքերուն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2025