ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ընդունեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ալեքսանտր Կրուշքոն։ Թեհրանի զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման վերաբերեալ հարցեր։

Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ երէկ գործարարներու հետ հանդիպման ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին։ Իր խօսքով՝ Երեւանի եւ Պաքուի դիմումի պարագային կը շարունակուի Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի համապատասխան աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 19, 2025