ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու այս առաւօտ ձերբակալուեցաւ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, քաղաքապետարանէն ներս երկու զատ հարցաքննութիւն կը կատարուի՝ ահաբեկչութեան եւ կազմակերպեալ յանցագործութեան վերաբերեալ նիւթերով։ Բացի Էքրէմ Իմամօղլուէն, ձերբակալեալներու շարքին կը գտնուին՝ Պէյլիքտիւզիւի քաղաքապետ Մուրատ Չալըք, Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան եւ երգիչ Էրճան Սաաթճի։

Վերջին օրերուն օրակարգի վրայ էին նաեւ զանազան պնդումներ, ըստ որոնց, Էքրէմ Իմամօղլուի համալսարանական վկայականը։ Իսթանպուլի համալսարանի վերատեսչութիւնը այդ պնդումներու հիման վրայ ջնջած է Իմամօղլուի համալսարանական վկայականը։ Քաղաքապետը, որ ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի նախագահական թեկնածուն է, այսպէսով կը դադրի թեկնածութեան չափանիշներուն համապատասխանելէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 19, 2025