ԹՐԱՄՓԻ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ԶՐՈՅՑԸ. 30 ՕՐ ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Սա իրենց երկրորդ զրոյցն էր, որ տեւեց երկուքուկէս ժամ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ շփումը եղած է ծաւալուն եւ արդիւնաւէտ։ Միջազգային հանրութեան լայն արձագանգին արժանացաւ այս քննարկումը՝ մինչ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի գրասենեակը աջակցութիւն յայտնեց Թրամփ-Փութին զրոյցին։ Ուքրայնայի հակամարտութեան դադրեցման հետամուտ որոնումները այսպէսով կը շարունակեն յուսադրիչ հունի մէջ մնալ։ Նախագահներու հեռախօսազրոյցէն վերջ, Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ կ՚ենթադրուի նոր աշխուժութիւն։ Այս շաբաթավերջին, Ուքրայնայի հարցին շուրջ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ դարձեալ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան՝ ի շարունակութիւն երէկուան հեռախօսազրոյցին։
Թրամփ-Փութին զրոյցին ժամանակ փոխադարձ ըմբռնում գոյացաւ՝ երեսուն օրուայ ժամկէտով պայմանական հրադադարի մը շուրջ։ Այսպէս, Փութին ընդունեց երեսուն օր չթիրախաւորել Ուքրայնայի ուժանիւթի կառոյցներն ու ենթակառուցուածքները։ Բաց աստի, հակամարտ կողմերուն միջեւ այսօր տեղի կ՚ունենայ գերիներու փոխանակում։
Մինչ Թրամփ եւ Փութին համաձայն գտնուած են բանակցութիւններու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեւականացման համար, պատերազմին վերջ տալու ուղղեալ որոնումներու ծիրէն ներս յառաջիկային մասնագէտներու խումբեր պաշտօնի պիտի կոչուին։
Ուքրայնայի հակամարտութեան վերաբերեալ հարցերուն առընթեր, Թրամփ եւ Փութին կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան շուրջ։ Անոնք համամիտ գտնուեցան, թէ Իրան երբեք պէտք չէ ըլլայ Իսրայէլը ոչնչացնելու ի զօրու դիրքի մը վրայ։
Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցէն վերջ, Տանըլտ Թրամփ երէկ մանրամասնութիւններ հրապարակեց ընկերային ցանցերու վրայ։ «Ռուսաստան-Ուքրայնա ամբողջական հրադադարի մը եւ ի վերջոյ պատերազմին վերջ տալու համար միասին աշխատելու շուրջ համաձայնեցանք։ Այս պահուն գործընթացը կը բանի։ Յուսամ՝ յանուն մարդկութեան այս գործը պիտի վերջացնենք», ըսաւ Տանըլտ Թրամփ։