ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Քրիստոնեայ աշխարհին ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Վատիկանի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոր քահանայապետ՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ան Ս. Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ կատարեց իր ուխտի աղօթքը եւ համանուն հրապարակին վրայ մատոյց անդրանիկ Ս. Պատարագը, որով սկիզբ առաւ իր առաքելութիւնը։

Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ մասնակցեցան այս պատմական արարողութեան՝ ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչները եւս հետեւեցան Սրբազան Պապի գահակալութեան։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ, որու հետ էին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեանն ու Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեանը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ալ ներկայ էին Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։

Համաքրիստոնէական ընտանիքէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ հետեւեցան արարողութեան՝ ներառեալ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։

Գահակալութեան արարողութենէն վերջ, բոլոր եկեղեցականները Վատիկանի «Պօղոս Զ.» կեդրոնին մէջ հիւրընկալուեցան՝ Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի ղեկավար կարտինալ Քուրտ Քոխի կողմէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ երեկոյեան Հռոմի մէջ այցելեց նաեւ Լեւոնեան հայ կաթողիկէ վարժարանը, ուր ընդունուեցաւ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքին կողմէ, որ եւս մասնակցեցաւ Սրբազան Պապի գահակալութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը վաղը պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։ Ուղեւորութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերանայ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025