ՁԻՆ
Դեռ նախակրթարանի տարիներուն մեզի դպրոցին մէջ սորվեցուցած էին, որ «քեռի» կայ եւ կայ «գերի»... մօրեղբայր մը ունենալուս իրողութիւնը նկատի ունենալով՝ լրիւ հասկցած էի, թէ ով է առաջին «քեռի»ն, որ Հալէպի մէջ մեծ մասամբ այլ կերպ ալ կը կանչուէր... այո՜, «քեռի»ն իմ գիտցած մամայիս եղբայրը՝ տայտայն էր։
Դասարանին մէջ բացատրուած միւս «գերի»ն միշտ ա՛լ աւելի դժուար կը հասկնայինք։ Այսօր ալ կ՚անդրադառնամ, որ օրիորդը «գերի» բառը չէր կրնար բացատրել՝ առանց «պատերազմ» բառը գործալելու։ Ճիշդ է, հաւանաբար. ըստ մեզի տրուած պարզունակ բացատրութիւններուն, պատերազմ կ՚ըլլար, կռիւ. թշնամիին՝ մեր կողմէն տարածները եւ մեր՝ թշնամիէն տարածները «գերիներ» կ՚ըլլային։ Ասկէ աւելին չէր բացատրուեր մեզի։ Այդ պատերազմներն ալ, մեր՝ չորրորդ, հինգերորդ դասարանցիներուն համար շատ հաւանականութիւններ չունէին... արաբական հանրապետութեան դրօշին քով ծածանող հայկական եռագոյնին պատմութիւնը ինչ-ինչ անցուդարձերով կը շրջէր ու մեզի որպէս կրօնի կամ թէկուզ՝ հայերէնի դաս կը տրուէր, շատ յաճախ՝ չէր ալ տրուեր։ Ես ու իմ սերնդակիցներս վկայ։ Նախակրթարանի տարիներուն, չեմ յիշեր, որ մեր դասացոյցին մէջ «Հայոց պատմութիւն» անունով առարկայ մը կար. ուրեմն, եկէք տեսէք, որ պատերազմներուն, մե՜ր պատերազմներուն մասին մեզի փոխանցուած բոլոր գիտելիքները հայերէնի մեր ուսուցիչներուն աշխատութիւններն էին, այս կամ այն յաճախած մեր ակումբին գայլիկ-միջնիկներու ժողովներուն ընթացքին մեզի պատմուածներն էին, կամ ալ.... բարձր մեր նիշերուն որպէս գնահատական՝ մեր ստացած «Հայոց պատմութեան» գիրքերու շարքերն էին, որոնք երբեք մեր ջանասիրութեամբ չէին բացուեր։ Գիտակից, ազգասէր ու պատասխանատու մեր ծնողներուն սխրանքը կ՚ըլլար նկարազարդ այդ գիրքերը բանալ եւ հոնտեղի կերպարները, պատահածները, պատերազմները, ըստ գրուածին (շատ նուրբ ու փշոտ խնդիր), մեզի պատմել...
Ահա այս վերջին տարբերակով ծանօթացած էի ես ալ մեր պատերազմներուն, դաշտերուն, սուր բռնած՝ զինուորներուն կոչ ուղղող սպարապետներուն, քահանաներուն, կաթողիկոսներուն, պատմական ժողովներուն, պայքարի միասնական որոշումներուն, սիրտ ու կոկորդ պատռած ծանր նիզակներուն, սրբադաս հերոսներուն... տարիները անցած ու նոյն ձեւով հետզհետէ ծանօթացած էի նաեւ կամաւորներուն, ֆիտայիներուն, անոնց կեղծանուններուն, սիրածներուն, փամփուշտներով զարդարուած խմբային նկարներուն, երգերուն, հայ որբեր հաւաքելու համար իրենց ըրածներուն...
Ժամանակի ընթացքին լիիրաւ համոզուեցայ, թէ բոլոր պարագաներուն, միանգամայն պատերազմի հանգամանքին հետ կապուած էր գերութիւնը եւ երկար չտեւեց հասկնալս, որ թշնամիի մը կողմէն գերեվարուածները մասմաքուր, առողջապահական բանտերու մէջ արժանապատուօրէն չեն պահուիր։ Ինչ խօսք, հին թուականներու մութ լրատուութիւնը հետզհետէ տարածուող տեսերիզներով տեղափոխուեցաւ եւ Արցախի պատերազմներէն, թէ Միջին Արեւելքի՝ Իրաքի, Լիբանանի, Իսրայէլի, Կազզէի եւ վերջերս Սուրիոյ պատերազմներու բացայայտած տեսարանները շատ բան ըսին (թերեւս ալ դեռ չըսին) պատերազմի գերիներուն ապրած անմարդկային պայմաններուն ու անոնց խոշտանգումներուն մասին...
Քաղաքական բովանդակութեամբ բան մը չէ աս գրածս...
2020-ի նոյեմբեր 9-էն կամայ-ակամայ յորձանուտի մը մէջ եմ, ենք։ Խիղճս չի տանիր գրել՝ «երանի՜ չեղողներուն», բայց իրականութիւն է, որ աւելի խաղաղ են անոնք, որոնք ընտրած են ոչ որպէս դէմք ու դիմագիծ, հող ու արմատ, ճանապարհ եւ ընտրութիւն ունեցող մարդիկ ապրիլ։ Հինգ տարիէ չեն տառապիր անոնք, չի սարսափիր անոնց հանգիստ սիրտը, քանի որ մեծ ու բարի այս մոլորակին վրայ ապրող աշխարհաքաղաքացիներ են, որոնց առհասարակ՝ կենցաղի, աւելի վայելուչ կենցաղի, մաքուր օդ ու ջուրի, կերպնկալներով չխեղդուած ծովային կենդանիներուն խնդիրները կը յուզեն...
Ի՜նչ ըսել…
Վերջերս բացառիկ հանրաշարժներ ունեցող պետութեան վերածուած մեր Հայաստանը ամիսներէ ի վեր լուրջ ոչ մէկ քայլի ձեռնարկեց Պաքուի մէջ դատուող մեր գերիներու վերադարձին համար։ Ամիսներ շարունակ անոնք, Արցախի Հանրապետութեան նախկին 15 պաշտօնեաներ, սարքուած դատերու ելան, մինչեւ որ անոնցմէ մէկը հացադուլ հռչակեց եւ աշխարհին ուղղեց ուղերձ մը, որուն մէջ՝ ոչ թէ 15 հոգի, այլ ամբողջ հայերը կը դատէք, ըսաւ ատրպէյճանցիներուն...
2020-էն ի վեր մէջս գլտորուելով հսկայացող ինչուներու գունտին վրայ կը նետեմ այս հարցումը.
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը հարուածող դաշոյն մը չէի՞ն վերջերս ի տես աշխարհին թողարկուած մեր գերիին ուղերձը, անոր տկարացած հայեացքներով սիրտ փշրող մելամաղձոտ երաժշտութեամբ համեմուած տեսերիզները...
Ամիսներէ ի վեր լռութեամբ ընթացող այս խայտառակութեան յանկարծ կեանք, ձայն ու պատկեր տուող Պաքուին ինչո՞ւ թոյլ տուինք, որ աս հաճոյքը վայելէ։
Այսքա՞ն անտարբեր եղանք մենք...
Եթէ աշխարհի վատագոյն 15 հայերն էին ասոնք, բերէինք տուն եւ մեր տան մէջ, մենք մեր վատութիւնը դատէինք, մեր ամօթով մնայինք։
Բայց հոն են անոնք։ Մեր անտարբերութեան գերիները։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը ո՛չ թէ մէկ մարդու, այլ՝ ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն մասին ստիպուած է մտածել, ըսաւ մեր վարչապետը։
Հացադուլը դադրեցաւ։
Դատավարութիւնը շարունակուեցաւ եւ կը շարունակուի։
Մեր վարչապետը շէնշող հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստան հրաւիրուած Թուրքիոյ լրագրողներուն, որոնք սահման ալ գացին եւ լուսանկարուեցան։
Հայաստան եւ Ատրպէյճան պատրաստ եղան խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու։
Կոկորդ խեղդող «ինչու» մը կա՞յ։
2020-ի եռակողմանի պայմանագիրին պէս, շատ մարդիկ շատ պիտի խօսին, պիտի խօսինք այս եղածին մասին եւ բոլորս միասնաբար պիտի հետեւինք Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն...
Քաղաքական բովանդակութեամբ տողեր չեն գրուածները.
Տարիներու սխալ ընկալումս հոս կը ճշդեմ.
Միայն պատերազմներու արդիւնք չեն գերիները.
Փակ մրցադաշտի մը մէջ պահուող, խնամուող, վազող, առաջին ելլելու համար մտրակուող, մրցող, յաղթող, պարտուող, գլուխը վեր կամ վար իր տեղը վերադարձող եւ յաջորդ մրցոյթին սպասող ձին գերի է։
Բոլորս գերիներ ենք։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Եգիպտոս