ԹԱՆՁՐ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ պատրաստ է ստորագրել Ատրպէյճանի հետ՝ ենթադրեալ, բովանդակութիւնը արդէն համաձայնեցուած խաղաղութեան համաձայնագիրը։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծը համաձայնեցուած է եւ կը սպասէ ստորագրման։ Ես պատրաստ եմ իմ ստորագրութիւնը դնելու այդ փաստաթուղթին ներքեւ», ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ վարչապետը։
Ի շարունակութիւն երէկուան գրառման, Նիկոլ Փաշինեան այսօր ալ նոյն ձեւաչափով՝ գրառումով մը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին առաջարկեց սկսիլ խորհրդակցութիւններու՝ խաղաղութեան համաձայնագրի համաձայնեցուած նախագծի ստորագրման շուրջ։ Այլ գրառումի մը մէջ ալ վարչապետը շեշտեց, որ Հայաստան կ՚երթայ ո՛չ թէ պատերազմի, այլ խաղաղութեան։
Մինչ այդ, Պաքու վերջին օրերուն յաճախ կը պնդէ, որ Երեւան կը խախտէ հրադադարը։ Հայկական կողմը իրերայաջորդ հերքումներ կը հրապարակէ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեանն ալ նշեց, որ Ատրպէյճանին կոչ կ՚ուղղուի՝ խոր-հըրդակցութիւններու սկսիլ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման վայրին ու ժամկէտներուն շուրջ։
Բանբերի հնչեցուցած կոչին զուգահեռ՝ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ յայտնեց, որ Հայաստան կը վարէ հաւասարակշռուած եւ ապագային միտուած արտաքին քաղաքականութիւն մը։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հերթական անգամ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարումը, որպէսզի շարունակուի պայմանագրի ստորագրումը։ Հարկ է նշել, որ Պայրամով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լեմմիի հետ։
Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները վարչապետ Փաշինեանը կը քննադատեն, թէ ան թէեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու, սակայն, չի հրապարակեր անոր բովանդակութիւնը։
Միւս կողմէ, հայկական պաշտօնական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն օտարերկրեայ վերլուծաբաններու կարծիքներ, ըստ որոնց՝ եթէ Պաքու իսկապէս խաղաղութեան կը ձգտի, ապա պէտք է դադրի Երեւանի հետ նախապայմաններու լեզուով խօսելէ։