ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց բարձր գնահատեց Ատրպէյճանի հետ ձեւաւորուած ռազմական համագործակցութիւնը։ Իր խօսքով՝ կողմերը համաձայն են ապագային եւս ընդլայնելու այդ համագործակցութիւնը։

Երէկ, Քաց հիւրընկալեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, որ տեսակցեցաւ նաեւ Իսրայէլի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էյալ Զամիրի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին շեշտուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին ռազմական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։ Քննարկուեցան ռազմաթեքնիք եւ ռազմակրթական ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման ուղղեալ միջոցառումները, նաեւ հեռանկարային նախագծերը։

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025