ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
«Համազգային» միութեան կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Վիեննայի մէջ կազմակերպուեցաւ հաւաք մը, որուն մասնակցեցան Եւրոպայի խումբ մը հայ ուսանողներ։ Եռօրեայ ծրագրի մասնակիցները հետեւեցան բազմակողմանի ժամանակացոյցի մը, որ աշխատանքային երեսակի առընթեր ընդգրկեց զանազան պտոյտներ եւ ընկերային ձեռնարկներ։ Արդիւնքին, երիտասարդները հնարաւորութիւն ունեցան զիրար աւելի մօտէն ճանչնալու։ Վիեննայի նման՝ համաշխարհային ժառանգութեան տեսկէտէ բացառիկ խորհրդանշական ճոխ նմոյշներով քաղաքի մը մէջ՝ ուսանողներու ուղղեալ այս նախագիծը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։
Հաւաքի կազմակերպիչները հաղորդեցին, որ երիտասարդները այցելեցին նաեւ Վիեննայի հայ համայնքի առանցքային կառոյցները. օրինակ՝ Ս. Հռիփսիմէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, Մխիթարեան միաբանութեան վանատունը եւ այլն։