ԳԵՐԱԶԱՆՑ ՇՓՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը, որ տեւեց 127 վայրկեան։ Ամերիկացի ղեկավարը գերազանց որակեց խօսակցութիւնը, իսկ ռուս ղեկավարը՝ շինիչ։ Ըստ միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու ուղղեալ հրադադարի բանակցութիւնները շուտով կրնան սկսիլ։ Ներկայ պահու դրութեամբ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքը կը գործէ արդիւնաւէտ, ինչ որ կը նպաստէ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ տանելու։ Մինչ այդ, Փութինի հետ զրուցելէ առաջ, երէկ, Թրամփ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ՝ Եւրոպայի յառաջատար երկիրներու ղեկավարներուն՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի եւ Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնիի հետ։
Շուրջ երեք տարուայ ընդհատումէ մը վերջ, Իսթանպուլի մէջ, անցեալ շաբաթավերջին բանակցութիւններ տեղի ունեցած էին Մոսկուայի եւ Քիեւի ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Այս կարեւոր շփումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ Փութին-Թրամփ երէկուան հեռախօսազրոյցը։ Ըստ Փութինի՝ Իսթանպուլի մէջ բանակցութիւններու վերսկսումը ցոյց կու տայ, որ, ընդհանուր առմամբ, ընթացքը ճիշդ ճանապարհի վրայ է։ Իր խօսքով՝ հիմնախնդրի կարգաւորման համար եթէ համատեղ նախագծի մը վրայ համաձայնութիւն գոյանայ, ապա հրադադար մը կրնայ հաստատուիլ։ «Տեսակցութիւնը ծայր աստիճան ծաւալուն էր, բաւական բաց եւ, ընդհանուր առմամբ, ըստ իմ համոզման՝ ծայր աստիճան օգտակար, ինչ որ կ՚ուզեմ առանձնապէս մատնանշել։ Ռուսաստան կողմնակից է, որ ռազմական գործողութիւնները կանգ առնեն, սակայն, այս նպատակին հասնելու համար պէտք է արդիւնաւէտ եւ ազդու ճանապարհներ գտնուին։ Ուքրայնայի հակամարտութեան հիմնական պատճառները պէտք է վերացուին», նշեց Փութին։
Իր կարգին, Թրամփն ալ շեշտեց, որ անմիջապէս հրադադար պէտք է հաստատուի ու պէտք է սկսին պատերազմին վերջ տալու ուղղեալ բանակցութիւնները։ Փութինի հետ զրուցելէ անմիջապէս վերջ ան կապ հաստատեց նաեւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։ Այս վերջինը կրկնեց, որ Ուքրայնա Ռուսաստանի հետ ուղղակի բանակցութիւններու պատրաստ է՝ շօշափելի արդիւնք ապահովելիք որեւէ ձեւաչափի մէջ։ Իր խօսքով՝ յառաջիկայ շփումներու համար հարթակ կրնան հանդիսանալ Թուրքիան, Վատիկանը կամ Զուիցերիան։ Այժմ բոլոր հաւանականութիւնները կ՚արժեւորուին։