ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՀԱՑԱԴՈՒԼԻ ՄԷՋ
Պաքուի մէջ կը շարունակուին Արցախի նախկին ղեկավարներու ձեւական դատավարութիւնները, որոնք վերածուած են՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյցերու։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան դարձեալ հացադուլի սկսած է։ Վարդանեան այս մասին տեղեկացուց իր ընտանիքի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին։ Իր խօսքով՝ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին ինքն ու փաստաբանը՝ Ապրահամ Պերման փորձած են դատարանին հասանելի դարձնել, թէ իրեն համար չափազանց կարեւոր է, որպէսզի «դատաքննութիւնը» ըլլայ առարկայական, այլ ոչ թէ կրէ աճպարարական բնոյթ։ Վարդանեան կը շեշտէ, որ իր գործը կը քննուի ապօրինի ռազմական դատարանի մը կողմէ, ոչ թէ քաղաքացիական։
«Ես որոշած եմ հացադուլի միջոցաւ բողոքս յայտնել ի նշան իմ դէմ իրականացուող դատական զաւեշտին։ Սա իմ պատասխանն է միջազգային իրաւունքի եւ Ատրպէյճանի դատավարական իրաւունքի չափանիշներու կոպտագոյն խախտումներուն։ Դատարանի դահլիճին մէջ կատարուածը անկարելի է դատավարութիւն համարել։ Սա քաղաքական շոու մըն է, ուր ցուցադրաբար կ՚արհամարհուի արդար դատավարութեան իմ իրաւունքը», նշած է Վարդանեան։
Բաց աստի, Ռուբէն Վարդանեան ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ իրեն ներկայացուած «մեղադրական եզրակացութիւնը» պաշտօնական փաստաթուղթ մը չի հանդիսանար, որովհետեւ ստորագրուած չէ մեղադրողներու կողմէ։ Նոյնիսկ այդ «փաստաթուղթի» թարգմանութեան մէջ տեղ գտած են այնպիսի սխալներ, որոնք հնարաւորութիւն չեն ընձեռեր ներկայացուած մեղադրանքներու էութիւնը հասկնալու։ Ռուբէն Վարդանեանի եւ իր փաստաբանի շփումներն ալ կը սահմանափակուին Պաքուի մէջ, ուր բոլոր դատավարութիւնները կ՚ըլլան գաղտնի եւ հանրութեան համար փակ։ Միջազգային լրագրողներու եւ ներկայացուցիչներու դատարան մուտքն ալ կը խոչընդոտուի այդ դռնփակ նիստերուն ժամանակ։