ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ-ՈՒՔՐԱՅՆԱ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ՋԱՆՔԵՐԸ ՆՈՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԾՆՈՒՆԴ ՏՈՒԻՆ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՄԷՋ

Միջազգային օրակարգը այս շրջանին կը բնորոշուի՝ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքի իրադարձութիւններով, նաեւ հաւանականութիւններով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած տեղաշարժը կը ձեւաւորէ կլոպալ նոր կլիմայ մը։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վերջ տալու ուղղեալ ջանքերը, որոնք նոր իրադրութեան մը ծնունդ տուած են նաեւ հաւաքական արեւմուտքի ներքին հաւասարակշռութիւններուն մէջ։

Մինչ հորիզոնին վրայ է ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպման հաւանականութիւնը, Եւրոպայի յառաջատար դերակատարներն ալ կը ջանան դիրքաւորուիլ ստեղծուած նոր պայմաններուն ներքեւ՝ մանաւանդ, որ տարակարծութիւններ եւ անհանգստութիւններ ունին։

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յաջորդ շաբաթ կը նախատեսեն այցելել Ուաշինկթըն։ Անոնք կը պատրաստուին Սպիտակ տան մէջ Թրամփի հետ հանդիպիլ՝ շօշափելու համար Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ապագայ աշխատանքը։ Մաքրոն Փարիզի մէջ, ներկայ շաբթուան սկիզբին Եւրոպայի անվտանգութեան արտահերթ գագաթաժողով մը կազմակերպած էր։ Էլիզէի պալատին մէջ, Եւրոմիութեան ղեկավարութեան եւ յառաջատար երկիրներու առաջնորդներուն առընթեր, Քիր Սթարմըրն ալ ներկայ էր։ Այդ գագաթաժողովը յաջորդած էր ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Ռիատի բանակցութիւններուն, որոնք կազմակերպուած էին Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ։ Մարքօ Ռուպիօ այդ հանդիպումէն վերջ տեղեակ պահած էր Եւրոպայի գործընկերները՝ մասնաւորապէս զրուցելով Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Անգլիոյ պաշտօնակիցներուն, նաեւ Եւրոմիութեան գերագոյն յանձնակատարին հետ։ Պետական քարտուղարը յայտնած է նաեւ, որ Թրամփ-Փութին հաւանական հանդիպումը կախում ունի Ուքրայնայի պատերազմի դադրեցման յառաջընթացէն։

Թրամփ այս շրջանին լրջօրէն կը թիրախաւորէ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Բանավէճ մը ծագած է անոնց միջեւ՝ մինչ երէկ ԱՄՆ-ի յատուկ բանագնաց Քիտ Քելոկ այցելեց Քիեւ։ Ան Զելենսքիի կողմէ ընդունուեցաւ՝ Թրամփի հետ առկայ հակասութիւններու համայնապատկերին վրայ։ Թրամփ Զելենսքին բռնակալ որակած է՝ Ուքրայնայի մէջ ընտրութիւններուն առկախուած ըլլալուն պատճառով։ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդական Մայքըլ Ուոլտցն ալ յայտնեց, որ Թրամփ ակնյայտօրէն շատ հիասթափուած է Զելենսքիէն։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի Զելենսքի հնարաւորինս շուտ հասնի համաձայնութեան։ Իր կարգին, Քիր Սթարմըր աջակցութիւն յայտնեց Վոլոտիմիր Զելենսքիի դիրքորոշման՝ հակամարտութեան ժամանակ ընտրութիւն չկատարելու մասին։

Միջազգային լրահոսին մէջ օրերէ ի վեր կան նաեւ այլ ուշագրաւ հաղորդումներ, որոնք կը վերաբերին Ուքրայնայի օգտակար հանածոներու արժեւորման վերաբերեալ սակարկութիւններուն։ Ռիատի բանակցութիւններուն ամերիկեան եւ ռուսական կողմերը անմիջականօրէն անդրադարձած են այս նիւթին, որու կապակցութեամբ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին նաեւ Ուաշինկթընի եւ Քիեւի միջեւ։ Ուքրայնայի կողմէ նախապէս մերժուած տարբերակէ մը վերջ, ԱՄՆ արդէն «բարելաւուած» տարբերակ մը ուղարկած է՝ օգտակար հանածոներուն արժեւորման վերաբերեալ։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025