ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ նոր սահմանադրութեան մը ընդունման պարագան օրակարգի վրայ է անշրջադարձելիօրէն։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր այս խնդիրը կ՚արծարծուէր՝ մանաւանդ, որ Ատրպէյճանն ալ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի համար նախապայմանի վերածած է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոխուիլը։ Պաքու այս առումով առանձնապէս խնդրայարոյց կը նկատէր Անկախութեան հռչակագրին յղումը՝ պնդելով, որ այնտեղ տարածքային պահանջներ խնդրոյ առարկայ են։ Երեւանի ղեկավարութիւնը հետեւողականօրէն կը հերքէր այդ պնդումները, կը փոխադարձէր՝ յայտնելով, որ նման խնդրայարոյց պարագաներ գոյութիւն ունին նաեւ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան մէջ։ Աւելին, Երեւանի իշխանութիւնները կը շեշտէին, որ խաղաղութեան պայմանագրին ստորագրումը ինքնին կ՚իմաստազրկէ այդ պնդումները։ Անոնք մէկ կողմէ ալ կը փորձէին հանրային կարծիքը համոզել, թէ Հայաստան առանց այդ ալ կարիքն ունի սահմանադրութեան փոփոխութեան, ինչ որ Ատրպէյճանի պահանջներէն անկախ է։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անցեալ օրուան պատգամը հնչեց այս համայնապատկերին վրայ։ Իսկ երէկ, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան ի շարունակութիւն հանդէս եկաւ յստակացումներով։ Նախարարին բիւրեղացումները կու գան հաստատել այս հարցին շուրջ ընդդիմութեան կողմէ ցարդ յառաջ քշուած պնդումները։ Արդարեւ, նախարարը երէկ յայտնեց, որ չի բացառուիր նոր սահմանադրութենէն Անկախութեան հռչակագրի յղման դուրս թողուիլը, ինչ որ անխուսափելիօրէն պարտադրանքի տպաւորութիւն կը ստեղծէ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ընդդիմութիւնը սկսած է կոչ ուղղել, որպէսզի պոյքոթի ենթարկուի՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ պահանջուած այդ հանրաքուէն։ Ընդդիմադիր երեսփոխաններ կը պնդեն, որ Նիկոլ Փաշինեան կ՚ընթանայ Իլհամ Ալիեւի օրակարգով։
Նախարար Սրբուհի Գալեան երէկ ճեպազրոյցի ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց, որ նոր սահմանադրութեան մշակումի աշխատանքները կը շարունակուին։ Ան պնդեց, որ նոր սահմանադրութիւն մը ունենալու նիւթը իշխանութեան օրակարգին վրայ գտնուած է 2018 թուականի յեղափոխութենէն յետոյ։ Իշխանութիւնները չեն նախատեսեր այժմու կառավարման համակարգը փոխել։ Նոր սահմանադրութեան նախագիծը պէտք է պատրաստ ըլլայ մինչեւ նոր ընտրութիւնները։ Այսինքն, սա կրնայ նշանակել, որ ընտրութեան զուգահեռ տեղի կրնայ ունենալ հանրաքուէն։
Նոր սահմանադրութեան պահանջի Պաքուի պարտադրանքը ըլլալու վերաբերեալ պնդումներու լոյսին տակ ընդդիմութիւնը Երեւանի իշխանութիւններուն կը յորդորէ նաեւ հրաժարիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը լուծարելու մտադրութենէն։ Ընդդիմադիր շրջանակները կը պնդեն նաեւ, որ Ատրպէյճան այս պահուն կը պատրաստուի յարձակման եւ Հայաստան պէտք է վերադառնայ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութեան հարթակը։ Իր կարգին, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ այդ յայտարարութեան որեւէ յօդուածը գոյութիւն չունի եւ սա է տուեալ իրականութիւնը։